ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Ճահիթ Պաղճի յայտարարեց, որ Թուրքիա կը ծրագրէ Շուշիի մէջ հիւպատոսարան բանալ։
Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ Արցախի բռնագրաւեալ Շուշի քաղաքին մէջ թրքական հիւպատոսութիւն հաստատելու բանակցութիւններ կը վարուին։
Ըստ Պաղճիի՝ բանակցութիւնները կը վարուին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով: