ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- «Թուրքիա դիտաւորեալ կերպով կը պահէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին փաստերը, «Ատապիա» կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսաւ այլախոհ պատմաբան Թաներ Աքչամ:
Ըստ անոր՝ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը փորձէ պահել յատկապէս այն հեռագիրները, որոնք օգտագործուած էին 1919-ի Պոլսոյ ռազմական դատավարութեան ընթացքին, երբ դատուած էին Ցեղասպանութեան դահիճներուն մէկ մասը:
Ռազմական դատավարութեան ատեն, ըստ Աքչամի, այդ հեռագիրներէն մէջբերումներու հիման վրայ պետական դատախազները մեղադրական որոշումներ արձակած էին։
Աքչամ կը նշէ, որ փաստաթուղթերէն մաս մը գտած է ոչ թէ անհատներու մօտ, այլ՝ պետական արխիւներու մէջ: Պատմաբանը կ՛աւելցնէ, որ Թուրքիոյ մէջ կան քաղաքացիական գործիչներ, որոնք կը պայքարին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար՝ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու համար պայքարի հարցով իրենց ջանքերու ծիրին մէջ: