ՊԱՔՈՒ, «Թրենտ».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը Երկւոշաբթի օր արտայայտուեցաւ Ատրպէյճանի առաջարկած «խաղաղութեան պայմանագիր»ին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութեան մասին, Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցին հետ հանդիպում մը ունենալէ ետք:
Ան ըսաւ, թէ Թուրքիա դրական կը համարէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու մասին յայտարարութիւնները, բայց տակաւին յստակ ծրագիր չկայ այդ ուղղութեամբ:
«Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի առաջարկ ըրած է Հայաստանին: Հայաստանն առայժմ դրական պատասխան չէ տուած, սակայն որեւէ քայլ մենք Ատրպէյճանի հետ պիտի քննարկենք», աւելցուց ան: