Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան ցաւ յայտնեց, որ Թուրքիա միակ երկիրն է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ զինադադարը յարգելու կոչ չի կատարեր:
Լը Տըրիան քննադատեց Լեռնային Ղարաբաղի բնիկ հայերուն վրայ ազերիական յարձակումներուն աջակցող Թուրքիոյ դերակատարութիւնը:
« Այս հարցին մէջ պիտի չըլլայ ռազմական յաղթանակ, ուստի զինադադարը պէտք է իրականցուի: Այն ինչ, որ այսօր կը տեսնենք, միակ երկիրը, որ զինադադարի կոչ չի կատարեր Թուրքիան է, եւ այս շատ վնասակար է». ըսաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը: