ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը «Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումներ» հարցին շուրջ յատուկ օրակարգով մը հանդիպում ունեցած է: Ըստ «Հապերթիւրք»ին՝ նիստին ընթացքին քննարկուած են «1915 թուականի դէպքերը», ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրէին հայկական Սփիւռքին հնարաւոր քայլերն ու անոնց դէմ առնուելիք Թուրքիոյ քայլերը:
Նիստին ընթացքին քննարկուած է այն հարցը, թէ հայկական լոպին մեծ գումար պիտի յատկացնէ Ցեղասպանութեան մասին ֆիլմ մը նկարահանելու համար, որուն ի պատասխան՝ Թուրքիա եւս նմանատիպ նախաձեռնութեամբ հանդէս պիտի գայ: Թրքական ֆիլմը պիտի կոչուի «Մեր Սրտի Խոցը»: Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ Սինան Օղան դէմ արտայայտուած է այս անունին՝ պնդելով, որ անիկա «նման է սիրային ֆիլմի վերնագիրի» մը:
Նշուած է նաեւ, որ հայկական ֆիլմին մասին առաջարկը արդէն իսկ ներկայացուած է յայտնի բեմադրիչ Սթիվըն Սփիլպըրկին ու ֆիլմը պիտի կոչուի «Վիրաւորը»: Ըստ թրքական լրատուամիջոցին պնդումներուն՝ ֆիլմին մէջ Կոմիտասի դերը պիտի կատարէ աշխարհահռչակ դերասան Ալէն Տըլոն: Ֆիլմին մէջ դերեր պիտի ստանձնեն նաեւ Տասթին Հոֆմըն, իսկ ֆիլմի երաժշտութեան հեղինակը պիտի ըլլայ ամերիկահայ ռոք երաժիշտ Սերժ Թանքեան: