ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն»․- Թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով Թուրքիոյ առեւտուրի նախարարութեան եւ արտածողներու խորհուրդի տուեալները՝ հաղորդեց, որ 2021-ի առաջին 4 ամիսներուն, Թուրքիա զգալիօրէն աւելի մեծ քանակութեամբ օդային եւ պաշտպանական նշանակութիւն ունեցող զէնքեր մատակարարած է Ատրպէյճանին:
Յունուարէն Ապրիլ ամիսներուն, Ատրպէյճանին յանձնուած են 117․3 միլիոն տոլարի ռազմարդիւնաբերական ապրանքներ, մինչ նախորդ տարուն նոյն ժամանակահատուածին այդ գումարը 8,9 միլիոն տոլար էր: Այսինքն Պաքուի կողմէ Թուրքիայէն ռազմական ապրանքներու ներածումները գրեթէ 13 անգամով բազմապատկուած են այս տարուան առաջին 4 ամիսներուն։