ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Հինգշաբթի օր, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի գլխաւորութեամբ գումարուեցաւ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի հերթական նիստը, որուն աւարտէն ետք հրապարակուած զեկոյցին մէջ անդրադարձ կը կատարուի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին․ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման նպատակով գործադրուած ջանքերու պարունակին մէջ, քննարկուած է Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Խորհուրդը կարեւոր նկատած է, որ այդ գործընթացին գլխաւորութեամբ, կողմերուն շինիչ եւ անկեղծ ջանքերը զարգանան։