ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ, 14 Յունիսին, պատկերասփռուելու սկսաւ հայերէնով առաջին կայանը՝ «Լոյս TV»ն: Ցարդ փորձառական շրջան բոլորող այս կայանին սփռումները միայն համացանցի միջոցով կը կատարուէին: Անոր համացանցային առաջին սփռումը տեղի ունեցած էր այս տարուան 6 Յունուարին՝ Ծննդեան պատարագին հեռարձակումով:
Կայանին հիմնադիրը՝ Արամ Քուրան կը պատմէ, որ «Լոյս TV»ի հիմնադրութեան աշխատանքները սկսած էին մօտաւորապէս երկու տարի առաջ եւ այդ ընթացքին կայանը կրցած էր յաղթահարել զանազան դժուարութիւններ:
Այժմ, կայանէն ամէն Ուրբաթ երեկոյեան պիտի պատկերասփռուի շաբթուան կարեւոր լուրերը եւ գեղարուեստական յայտագիրներ: Ջանք կը տարուի յետագային ամէն օր կատարել հաղորդումներ:
Արամ Քուրան կը նշէ, որ հանրային պատկերասփիւռի ընկերութիւնը իրենց տրամադրած է երկրին ազգային փոքրամասնութիւններուն վերաբերող վաւերագրական ֆիլմերու իր արխիւը, իսկ լրատուութիւնը գլխաւորապէս կը կատարուի պետական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան լուրերուն հիման վրայ. անոնք կը թարգմանուին արեւմտահայերէնի: Ըստ անոր՝ հաղորդումներուն 70 տոկոսը հայերէնով է, իսկ մնացեալը՝ թրքերէնով: