ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Անգարայի մէջ, 3 Օգոստոսին սկսան «Կովկասեան արծիւ» ռազմափորձերը, որոնց կը մասնակցին Թուրքիայէն, Ատրպէյճանէն, Վրաստանէն եւ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան ստորաբաժանումներէն զինուորներ:
Զօրավարժութիւնները պիտի շարունակուին մինչեւ 8 Օգոստոս:
Անոնց նպատակն է՝ զօրացնել համագործակցութիւնը նշեալ կողմերուն յատուկ ջոկատայիններուն միջեւ, փորձի եւ գիտելիքի փոխանակում, ինչպէս նաեւ համատեղ գործողութիւններ իրականացնելու մակարդակի բարձրացում:
Ուքրաինա այս զօրավարժութիւններուն կը մասնակցի՝ իբրեւ դիտորդ երկիր: