ԱՆԳԱՐԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներ Հուլուսի Աքար եւ Զաքիր Հասանով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան, կը հաղորդէ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Նշեալ զրոյցին ընթացքին Հասանով ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ սահմանին մօտ երեք թուրք զինուորներու սպանութեան համար:
Նախարարները նաեւ կարծիքներ փոխանակեցին զինուորական պատրաստուածութեան ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը սերտացնելու կարելիութիւններուն մասին: