Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու եւ Ենթակառոյցներու նախարարութիւնը երէկ յայտնած է, որ 2 փետրուարին պիտի սկսի Հայաստանի հետ օդանաւային հաղորդակցութիւնը:
«Հայաստանի հետ օդանաւային հաղորդակցութիւնը պիտի սկսի 2 փետրուարին, իսկ հիւսիսային Իրաքի (Էրպիլ) հետ` 24 յունուարին», ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին կը նշուի նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Թրքական «Փեկասըս» օդանաւային ընկերութիւնը իր կարգին յայտարարեց Պոլիս-Երեւան թռիչքի համար տոմսերու վաճառքի սկիզբը:
Ընկերութիւնը նշեց, որ թռիչքները պիտի կատարուին շաբաթական երեք անգամ: Առաջին թռիչքը նախատեսուած է 2 փետրուարին: