ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ մեծ աղմուկ յառաջացուցած է քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, Այնթապէն ընտրուած երեսփոխան Մահմուտ Թողրուլի ներկայացուցած՝ Թուրքիոյ ալաուիներուն դէմ կատարուած կոտորածները ուսումնասիրելու նպատակով յատուկ յանձնախումբ մը ստեղծելու առաջարկը:
Թրքական «Տիքեն» կայքը կը հաղորդէ, որ քիւրտ երեսփոխանը պահանջած էր հետաքննել ու պատասխանատուութեան ենթարկել Մարաշի (1978), Սեբաստիոյ (1993), Չորումի (1980), Մալաթիոյ (1978) եւ Կազիի (1995) ալաուիներուն դէմ կատարուած կոտորածներուն մեղաւորները:
«Թուրքիոյ տարածքին բաւական մեծ թիւ կազմող ալաուիները, հանրապետական Թուրքիոյ պատմութեան ընթացքին պարբերաբար ենթարկուած են տարատեսակ ճնշումներու եւ կոտորածներու: Մալաթիոյ, Մարաշի, Սեբաստիոյ, Չորումի եւ Կազիի կոտորածները կը շարունակեն մնալ Թուրքիոյ պատմութեան ամօթալի էջերը», ըսած էր Թողրուլ:
Սակայն, Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քարաման մերժած է քիւրտ երեսփոխանին առաջարկը եւ անոր օգտագործած արտայայտութիւնները նկատած է «կոպիտ ու վիրաւորական»: