ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովը 4 Փետրուարին վաւերացուց Շուշիի հռչակագիրը: Լուրը հաղորդեց «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը։
Հռչակագիրը նախապէս արժանացած էր Թուրքիոյ խորհրդարանի արտաքին կապերու յանձնաժողովի հաւանութեան:
«Դաշնակցային յարաբերութիւններու մասին» հռչակագիրով, զոր Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահները ստորագրած են նախորդ տարուան 15 Յունիսին Շուշիի մէջ, նախատեսուած է, մասնաւորապէս, որ երկու երկիրները փոխադարձ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերեն «երրորդ երկրի յարձակումներու պարագային»:
Փաստաթուղթով նաեւ կը նախատեսուի, որ երկու երկիրներու Ապահովութեան խորհուրդները պարբերաբար պիտի հրաւիրեն միացեալ նիստերու, որոնց ընթացքին պիտի քննարկեն «տարածաշրջանային եւ միջազգային ապահովութեան վերաբերող հարցերը»:
Հռչակագիրին մէջ կը նշուի նաեւ, որ «կողմերը պիտի շարունակեն համատեղ ջանքերը` ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան երկու եղբայրական երկիրներու զինուած ուժերու արդիականացման համար»:
Օրեր առաջ համաձայնագիրը վաւերացուց Ատրպէյճանի խորհրդարանը: