ԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ճաաֆարի յայտարարեց, որ Պաղտատ կտրուկ կերպով կը մերժէ թրքական ուժերուն կողմէ իրաքեան սահմաններուն վրայ որեւէ խախտում՝ շեշտելով, որ թրքական ուժերը պէտք է անյապաղ հեռանան հիւսիսային Իրաքի Պաաշիքա շրջանէն։ «Դրացի որեւէ երկրի մէջ զինուորական գործողութիւն կատարելու համար Իրաքի մէջ որեւէ ուժի ներկայութիւն պիտի չարտօնենք», ըսաւ ան:
Նշենք, որ Պաղտատի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը անցեալ շաբաթ յայտարարած էր, թէ իր երկիրը Իրաքի հետ սահմանին վրայ շղթայազերծած է կարգ մը զինուորական գործողութիւններ՝ սահմանը «ահաբեկիչներու թաքստոցներէն մաքրագործելու» համար:
Ճաաֆարի նաեւ քննադատեց Աֆրինը բռնագրաւելու Թուրքիոյ քայլը։
Միւս կողմէ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն վերահաստատեց, թէ իր երկիրը կը մերժէ Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ զինուորական գործողութիւնը եւ զայն կը նկատէ գերիշխան երկիրի մը հողերուն դէմ ոտնձգութիւն: «Կեցուածքս Աֆրինի շրջանի հարցին վերաբերեալ մի՛շտ յստակ էր: Կը կարծեմ, որ պէտք է Թուրքիոյ ապահովական շահերը նկատի ունենանք, ինչ որ բնական է, սակայն երբեք պիտի չզօրակցինք Սուրիոյ նման գերիշխան երկիրի մը մէջ որեւէ միջամտութեան։ Հաւանութիւն պիտի չտանք քայլի մը, որ խախտում մըն է ՄԱԿի որոշումին», յայտարարեց Մաքրոն:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ երկխօսութիւն շարունակելը կարեւոր է՝ երկկողմանի յարաբերութիւնները իրենց բնական մակարդակին վերադարձնելու համար: