Գագիկ Ք. Բատիկեանի վարած հարցազրոյցը, Պոլսոյ ՙՄարմարա՚ օրաթերթի Փոխ–Խմբագրապետուհի Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի հետ
Հ.- Թուրքիոյ մէջ ազգային գետնի վրայ փոքրամասնութիւններուն իրավիճակը ի՞նչ պատկեր կը պարզէ։ Փոքրամասնութիւնները ի՞նչ հարցեր կը դիմագրաւեն Թուրքիոյ մէջ։
Պ.- Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւնները միշտ խնդիրներ ունեցած են, իսկ Հայերը առաւել եւս։ Հանրապետութեան շրջանին յաճախակի կերպով անիրաւ կարգադրութիւններ կատարուած են փոքրամասնութիւններուն հասցէին, անիրաւ տուրքեր պահանջուած են, փոքրամասնութիւններուն խանութները կողոպտուած են, փոքրամասնականները ապօրէն զինուորագրութեան կոչուած են, փոքրամասնութիւնները երբեք չեն կրցած պետական պաշտօններ ստանալ, եւայլն։ Այժմու կուսակցութեան իշխանութեան գալէն վերջ է, որ զգալի կերպով բան մը փոխուեցաւ ։ Այժմու իշխանութիւնները կը ջանան մասամբ սրբագրել այն սխալները որոնք գործադրուեցան իրենց նախնիներուն կողմէ։ Փոքրամասնութիւնները ներկայիս գոհ ըլլալու պատճառներ ունին եւ կը յուսան, որ հետզհետէ աւելի լաւ պիտի ըլլան։ Բայց կայ նաեւ Հայկական հարցը, որ փոքրամասնութիւններու հարցերուն շրջանակէն դուրս կը մնայ։ Այժմու իշխանութիւնները Հայկական հարցի մէջ ալ ցոյց կուտան որոշ լայնախոհութիւն, օրինակ՝ երկու տարիէ ի վեր Թուրք մտաւորականներ կ’ոգեկոչեն Ապրիլի 24-ը։ Բայց իր ընդհանուրին մէջ Հայկական հարցը, մասնաւորաբար ցեղասպանութեան բառի շուրջ մտածողութիւնը կը բախի անտեսանելի պատի մը, եւ կը շարունակէ մնալ թապու հարց մը։
Հ.- Գիտենք թէ Իսթանպուլ քաղաքը անցեալի մէջ դրօշակիրը եղած է գրական կեանքի, ուր մեծաթիւ գրողներ գրական հսկայ ժառանգ թողած են մեզի։ Իսկ հիմա…։ Փոխուա՞ծ է իրավիճակը։ Հայերէն ստեղծագործող նոր սերունդ կը հասնի՞։
Պ.- Անշուշտ գիտենք թէ Պոլիս քաղաքը անցեալի մէջ մշակոյթի օրրան հանդիսացած է, իր ծոցէն դուրս բերելով մեծարժէք գրողներ եւ մտաւորականներ, որոնք հսկայ ներդրում ունեցած են մշակութային մեր ժառանգութեան մէջ։ Հրատարակած են հարիւրաւոր գիրքեր, ուր ցոլացուցած են իրենց մտքի արտադրանքը եւ գրական շնորհները։
Իսկ այսօր…
Հիմա ամայութիւն կը տիրէ մեր շուրջ։
Այսօր գաղտնիք չէ բոլորիս թէ հայերէն լեզուի գործածութիւնը ինչպէս այլ գաղութներու մէջ, համայնքէս ներս ալ օր ըստ օրէ հսկայաքայլ նահանջ արձանագրած է։ Հայերէն լեզուն շնորհազրկուած է ներկայ սերունդին կողմէ։ Այս նահանջէն մեծ վնաս կը կրեն գլխաւորաբար հայատառ թերթերն ու հայերէն հրատարակութիւնները։ Օր ըստ օրէ կը պակսի թիւը մեր աշխատակիցներուն եւ մեր ընթերցողներուն։ Դժբախտաբար ցաւալի է հաստատել որ չունինք հայերէնով խանդավառ նոր սերունդ։ Այն մէկ քանին ալ, որոնք փոսուռաներու կայծկլտումներով երբեմն խանդավառութիւն կը ներշնչեն մեզի, շուտով դասալիք կ’ըլլան քշուելով ընդհանուր հոսանքէն։
Հ.- Ի՞նչ առաքելութիւն ունի հայ թերթը Թուրքիոյ մէջ։ Ազա՞տ էք ձեր բոլոր մտածումները թերթին ցոլացնելու, թէ կաշկանդուած էք։ Գրաքննութեան ենթակա՞յ էք։
Պ.- Թուրքիոյ, այլ խօսքով՝ Սթամպուլի մէջ ունինք հայատառ երկու օրաթերթ։ Ես պիտի խօսիմ անշուշտ մեր թերթի, ՙՄարմարա՚-ի առաքելութեան մասին։
Մեր թերթի առաքելութիւնն է դառնալ գլխաւոր լծակ մը հայապահպանման ու հայ մշակութային բոլոր արժէքներու պահպանման ու զարգացման համար։
Գրաքննութեան ենթակայ չենք։ Մե՜նք ենք որ կը կատարենք մեր գրաքննութիւնը։ Այսինքն գիտենք թէ ի՞նչ բան պէտք է գրենք, կամ ի՞նչ բան է որ խոհեմութիւն կը նկատենք չգրել։
Գլխաւորագոյնը՝ գիտենք թէ ազատ ենք մեր մայրենի լեզուն գործածելու մեր ճաշակին, մեր նախասիրութիւններուն եւ մեր կարողութիւններուն սահմանին մէջ։ Ազատ ենք գրական եւ մշակութային կալուածէ ներս մեր մայրենիի կամ մեր մեծանուն արժէքներուն փառաբանութիւնը ընելու։ Ազատ ենք քաղաքիս, Հայաստանի եւ արտասահմանի հայերուն քաղաքական, եկեղեցական եւ ընկերային նիւթերուն լայնօրէն արձագանգելու։ Ազատ ենք թրքական մամուլէն հայ ժողովուրդը հետաքրքրող նիւթերուն մասին թուրք յօդուածագիրներուն կողմէ գրուած լուրերը, մտածումները կամ կարծիքները թարգմանաբար հրատարակելու։ Այստեղ պէտք է շեշտել որ թարգմանական այս դժուարին աշխատանքը, զոր մենք կը կատարենք կայծակնային արագութեամբ եւ խղճմտօրէն, կը նկատենք մեր թերթին առաջնահերթ պարտականութիւններէն մէկը։ Մեր այդ աշխատանքը, որ պէտք է խոստովանիլ թէ դժուարին աշխատանք է , կը հետապնդէ կարեւոր նպատակ մը։ Այդ է` թուրք մտաւորականներուն մեզի ի նպաստ կամ աննպաստ կարծիքները ցոլացնել արտաշխարհի հայերուն, որպէսզի անոնք եւս տեղեակ դառնան թէ թուրք մտաւորականութիւնը ի՞նչ կը խորհի մեզ շահագրգռող նիւթերուն մասին։ Կը պատահի անշուշտ որ այդ լուրերուն կամ յօդուածներուն հրատարակութեան ընթացքին շատ անգամ մենք ալ յայտնենք մեր կարծիքը, ընենք ճշդումներ կամ արտայայտենք մեր ընդվզումը։
Այսինքն մենք գիտենք թէ ի՞նչ բան պէտք չէ գրենք, կամ աւելի ճիշդ խոհեմութիւն կը նկատենք չգրել։
Ինչպէս աշխարհի չորս ծագերուն մէջ ցրուած հայերը, Թուրքիոյ տարածքին վրայ ապրող հայերն ալ բնակաբար ունին իրենց ուրոյն եւ յստակ մտածումները 1915ի պատահարներուն մասին։ Ասոր համար ո՜չ պէտք ունին պատմութիւն կարդալու, ոչ ալ պատմաբաններու կարծիքները լսելու։ Ամէն հայ ընտանիքի պատմութիւնը արդէն վկայութիւն է այդ մասին։ Բայց համայնքին ղեկավարները, եկեղեցական կամ աշխարհական, կը նախընտրեն այս նիւթի մէջ յարգալիր կեցուածք ցուցաբերել երկրի պաշտօնական տեսակէտներուն, այս խնդրով գլխացաւ չդառնալու երկրի պետութեան համար ու սպասել այն երջանիկ զարգացումներուն, որոնք աւելի կակուղ յարաբերութիւններ պիտի ստեղծեն թուրք եւ հայ հաւաքականութիւններուն միջեւ։
Կը հաւատանք նաեւ որ աւելի ուշագրաւ, աւելի ազդեցիկ եւ աւելի նպաստաւոր է մեզի համար թուրք մտաւորականութեան կարծիքը կամ վկայութիւնները հայերուն մասին եւ կամ անոնց կողմէ մեր դատի պաշտպանութիւնը, քան թէ մեր կողմէ մեր ինքնապաշտպանութիւնը։ Այս համոզումէն մեկնելով, կը հաւատանք թէ շատ աւելի լաւ է մեր առաքելութեան սուրբ ճամբէն անաղմուկ ընթանալ եւ երկարատեւ ճամբայ հարթել, քան թէ աղմկալից կեանքով, այլամերժ շրջանակներու թիրախ դառնալ եւ արկածախնդրութիւններու տագնապով տուայտիլ։
Հ.- Իսկ ի՞նչ է Սթամպուլահայ վարժարաններուն կացութիւնը։
Պ.-Սթամպուլի զանազան թաղերուն մէջ ունինք 17 հայկական վարժարաններ։ Վարժարաններուն մէջ, հայ տնօրէններուն կողքին կը պաշտօնավարեն նաեւ թուրք փոխ-տնօրէններ։ մեր այդ վարժարաններուն մէջ աշակերտներուն թիւը, որ նախապէս կը յանգէր մօտաւորապէս 6000ի, յետագային ալ 4000ի, ներկայիս իջած է մինչեւ 3000։ Այս նուազումին պատճառը կը նկատենք գլխաւորաբար ծնողներուն կողմէ հայերէնի հանդէպ ցուցաբերուած համատարած անտարբերութիւնը, կարգ մը ընտանիքներուն, մասնաւորաբար բարեկեցիկ ընտանիքներուն, ազգային ինքնութիւնը կամաւորապէս իրենց ուսերէն թօթափելու եւ մեծամասնութեան հետ միախառնուելու բաղձանքն ու մտայնութիւնը, տնտեսական ներկայ պայմաններուն բերմամբ այր եւ կին ամուսիններուն գործի կեանքի նուիրուելուն ստիպողութեան պատճառաւ ծննդաբերութիւններուն նուազումը, եւլն.։ Միւս կողմէ, չունինք հայերէն լեզուի կատարելապէս գիտակ ուսուցիչներ։ Պետական համալսարաններէ ներս հայերէնագիտութեան ուսուցում չկայ։
Երիտասարդներ, իբրեւ հայերէնի ուսուցիչ, համալսարաններուն գրական ճիւղէն վկայուելով ձեռք կը բերեն թէեւ հայերէն դասաւանդելու իրաւունք, բայց անոնք իրենց հայերէնագիտութեան պաշարը արդէն կուտակած պէտք է ըլլան լիսէի նստարաններուն վրայ։ Ուստի, եթէ անոնք ինքնօգնութեամբ, կամ անձնական ճիգերով չզարգացնեն իրենք զիրենք, կը կատարեն անկատար ուսուցում։
Ըստ Թուրքիոյ Սահմանադրութեան, մեր վարժարաններուն մէջ իրաւունք ունինք մեր մայրենի լեզուն դասաւանդելու թրքերէն լեզուի դասաւանդութեան հաւասար ժամերով։ Իրաւունք ունինք նաեւ կարգ մը դասեր, ինչպէս թուաբանութիւն, գիտութիւն, բնագիտութիւն, երաժշտութիւն, փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն եւլն. դասաւանդելու հայերէն, բայց հայերէն լեզուի տիրապետող ուսուցիչներուն չգոյութեան պատճառով, այդ դասերը կը դասաւանդուին տեղական լեզուով եւ կամ թուրք ուսուցիչներուն կողմէ։
Մեր վարժարանները նիւթական գետնի վրայ պետական հովանաւորութիւն չեն վայելեր երբեք։ Թրքերէն լեզուի, պատմութեան, ընկերային գիտութիւններու դասերուն ուսուցիչները, նաեւ փոխ տնօրէնները կը վարձատրուին պետական պիւտճէէն։ Մեր աշակերտներուն համար վճարովի են մեր վարժարանները, բայց այն աշակերտները, որոնց ծնողները ի վիճակի չեն վճարում կատարելու, վարժարան կ’ընդունուին ձրիաբար։
Հ.-«Հայաստան հայրենիք մը ունինք»ՙ զգացողութիւնը ի՞նչ կը թելադրէ ձեզի։
Պ.- Կը թելադրէ այն զոր կը զգան աշխարհի բոլոր հայրենասէր Հայերը։ Անշուշտ կայ իրաւ հայրենասիրութիւն, կայ նաեւ կեղծ կամ աժան հայրենասիրութիւն։ Մեր խօսքը իրաւ հայրենասէրներուն համար է։ Ասոնց համար մեծ հպարտութիւն է գիտնալ որ անդին ունին Հայաստան մը, անկախ ու ազատ հայրենիք մը, որ ամբողջ հայութեան հպարտութեան աղբիւրն է։ Այս տեսակէտէն անշուշտ որ երբեմն հայրենասէր մարդը կը խոցուի հայրենիքէն ներս պատահած թերացումներուն ու կաղացումներուն համար։ Իրաւ հայրենասէրը իրաւամբ միշտ կ’ուզէ աւելի լաւ վիճակի մէջ տեսնել հայրենիքը եւ լիիրաւ կերպով հպարտանալ այդ հայրենիքով։ Հայ ժողովուրդը երկար երազեց այսպիսի հայրենիք մը ունենալուն համար։ Հիմա ունի։ Ուրեմն բոլոր Հայերուն պարտականութիւնն է բանով մը նպաստել այդ հայրենիքի վերելքին։ Այս է որ մեզի կը թելադրէ հայրենիք մը ունենալու գաղափարը։