Թուրքիոյ մէջ գործող հայկական հայրենակցական միութիւնները, Դեկտեմբեր 15-ին, առաջին անգամ ըլլալով կը մէկտեղուի, Իսթանպուլի մէջ կը նշեն քրիստոնէական Սուրբ Յակոբ տօնը:Այս մասին կը յայտնէ Ակունք կայքը։
Ձեռնարկին պիտի մասնակցին ատըիամանցի, ամասիացի, արաբկիրցի, տերսիմցի, տիարպեքիրցի, խարբերդցի, համշենցի, պոլսեցի, քասթամոնուցի, կեսարացի, մալաթիացի, մուսա Լեռցի, սասունցի, սինոփցի, սեբաստացի, թոքաթցի եւ զարացի հայերը:
Նախաձեռնութեան կազմակերպիչներու` Facebook ընկերային ցանցի մէջ տարածած հաղորդագրութեան համաձայն` սոյն երեկոյթը նախապէս ծրագրուած էր իբպեւ նեղ կազմով հանդիպում, որուն պիտի մասնակցէին Պոլիսի մէջ գործող` համերկրացիի հիմքով ստեղծուած հայկական հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչները միայն, սակայն յետագային որոշուած է նախաձեռնութիւնը բաց իրականացնել, որպէսզի անոպ կարենան մասնակցիլ նման ցանկութիւն ունեցող բոլոր հայերը:
Հաղորդագրութեան համաձայն` կազմակերպիչներուն նպատակն է` ցոյց տալ, որ մարդիկ կրնան համատեղ նպատակներով մէկտեղուիլ եւ փաստացի պատասխան տալ որոշ շրջանակներէն ներս շրջանառուող այն ենթադրութիւններուն, թէ հայերու կազմակերպման նպատակը «անջատողականութիւննէ՚:
Կազմակերպիչները հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կը յայտնեն, թէ ինչու նոխաձեռնութեան օրը ընտրուած է Սուրբ Յակոբի օրը: Ըստ անոնց` գիտակցաբար տրուած այդ նախապատուութեամբ նպատակ ունին յիշեցնելու այն աւանդական տօներէն մէկը, որ հին ժամանակ նշուած է արեւմտահայերուն կողմէ:
Հաղորդագրութեան մէջ տեղեկութիւններ կը տրուին նաեւ, թէ ինչ սկզբունքով ընտրուած են այն շրջանները, որոնց ներկայացուցիչ հայերը պիտի մասնակցին այս նախաձեռնութեան:
Կազմակերպիչներուն համաձայն` շրջաններուն անուններու ընտրութեան ժամանակ գործած է հետեւեալ սկզբունքը. տուեալ շրջանը կազմակերպուա՞ծ է, կազմակերպման ընթացքի մէ՞ջ է, տուեալ շրջանի հայերը որեւէ օր կարնա՞ն մէկտեղուիլ:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ձեռնարկը բաց պիտի ըլլայ ոչ միայն հայերու, այլւ` ինքզինք հայերուն մօտ համարող իւրաքանչիւր անձի համար:
Երեկոյթը պիտի կազմակերպուի ճաշկերոյթի տեսքով, որուն ժամանակ պիտի հնչեն հայկական երաժշտութիւն: Իբրեւ հիւր երգիչներ` պիտի մասնակցին պոլսեցի Պարթեւ Գարեանը եւ հայաստանցի Աշոտ Վարդանեանը։