ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
Հայաստանի քաղաքական այրերէն վերջերս շատ կը լսուիՆ Թուրքիոյ հետ խօսելու կոչեր, յայտարարութիւններ: Խորհրդարանէն ներս եւ՝ դուրս:
Երէկ՝ ուրբաթ, Հայաստանի Ազգային Ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեան յայտարարեց, թէ Հայաստան պէտք է երկխօսութեան սկսի Թուրքիոյ հետ:
Գաղտնիք չեն Հայաստանի նկատմամբ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի թշնամական տրամադրութիւնները: Թշնամանք, որ խլած է հայ ժողովուրդի հայրենիքին մեծամասնութիւնը, բնաջնջած անոր հայ բնակչութիւնը….:
Երկու պետութիւններուն համար դրացիական յարաբերութիւնները վերականգնելու նախապայմանը ճշմարտութեան վերականգնումն է: Դժբախտաբար, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պետական կառոյցները, քաղաքական գործիչները, դիւանագիտութիւնները ձեւակերպած են կանխամտածուած նախապայմաններ:
Հայրենի քաղաքական այրերը պէտք է իմանան, որ խորքային Թուրքիան Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու համար կը պահանջէ երկու պետութիւններուն միջեւ ներկայի առկայ միջպետական սահմանագիծին անփոփոխ ճանաչումը:
Անմեղ թուացող այս նախապայմանը ոչ միայն ծանր հարուած է այսօրուան Հայաստանի հանրապետութեան, այլեւ՝ համայն հայ ժողովուրդին: Ան կը նշանակէ կամովին հրաժարիլ բռնագրաւուած հայրենիքէն…Արեւմտահայաստանէն:
Մերօրեայ Հայաստանի ղեկավարութիւնը իրաւունք չունի կայացնելու նման որոշում: Բռնագրաւեալ այդ տարածութիւնները համայն հայ ժողովուրդին կը պատկանին, յատկապէս աշխարհի տարբեր ափերու վրայ դեգերող սփիւռքահայութեան, որոնց հարազատները անէծքի խօսքեր կը մրմնջան զիրենք կոտորողներուն եւ Ցեղասպանութիւնը ուրացողներուն հասցէին:
Թրքական իշխանութիւնները իբրեւ նախապայման՝ Հայաստանի երրորդ հանրապետութեան ղեկավարութենէն կը պահանջեն նաեւ ճանչնալ Կարսի համաձայնագիրին օրինականութիւնը, այսինքն, ոչ միայն քննարկումի նիւթ չդարձնել այդ ապօրինի կեղծաթուղթը, այլեւ՝ ընդհանրապէս հրաժարիլ Կարսէն, Արտահանէն, Սուրմալուէն եւ Իկտիրէն:
Հայ-թրքական սահմանները բանալու գլխաւոր նախապայմաններէն մէկը Ցեղասպանութեան եղելութիւնը կասկածի տակ դնելու հարցն է…:
Թուրքիոյ հետ խզուած յարաբերութիւնները վերականգնելու, փակ սահմանները վերաբանալու ուղղութեամբ հայրենի պաշտօնակատարներէն լսուող արտայայտութիւնները անմեղունակ եւ անկեղծ կրնան ըլլալ, սակայն հայրենի իշխանութեան ներկայացուցիչները տեղեա՞կ են Թուրքիոյ նախապայմաններուն…
Մենք կը մերժենք նախապայմաններու գնով սահմանները վերաբանալու քայլերը: Անհատները կրնան սխալիլ, ժողովուրդը՝ ոչ: