ԵՐԵՒԱՆ.- 10 Սեպտեմբերին, «Փաստարկ» ակումբին մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեան մէջ «անկախ հայկական պետականութիւն» հասկացութիւնը չկայ, իսկ եթէ պիտի ըլլայ հայկական պետականութիւն մը՝ Թուրքիոյ դրացնութեամբ, ըստ Թուրքիոյ քաղաքական մտածողութեան՝ անիկա իրմէ կախեալ պէտք է ըլլայ։ Ըստ Մանոյեանի՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրածն ալ ճիշդ այդ է՝ Հայաստանը դարձնել Թուրքիայէն կախեալ, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ամբողջական ազդեցութեան տակ, ամբողջովին կորսնցնել ինքնիշխանութիւնը։
Իր ըսածին իբրեւ հիմնաւորում՝ ան ներկայացուց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի անփոփոխ դիրքորոշման եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատասխան յայտարարութեան ակնառու տարբերութիւնը։ «Էրդողանը խոսում է նախապայմանների մասին, Հայաստանի վարչապետն ասում է՝ Թուրքիայից դրական ազդակներ կան։ Սա չափազանց վտանգաւոր է մեր պետութեան եւ պետականութեան համար, եւ մենք բաւականին ծանր փորձութիւնների եւ մարտահրաւէրների առաջ ենք», յայտարարեց Կիրօ Մանոյեան։
Ան շեշտեց, որ թէ՛ 9 Նոյեմբերի, եւ թէ 11 Յունուար 2021ի յայտարարութիւններուն մէջ կան բազմաթիւ կէտեր, որոնք կեանքի չեն կոչուած։ «Ռուսական ներկայութիւնը Արցախի՝ Ադրբեջանի բռնագրաւած տարածքներում ընդամէնը ամրագրուած է Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեան մէջ։ Բայց խնդիր կայ, որ առնուազն ստորագրուի երկկողմանի պայմանագիր՝ Ռուսաստան-Ադրբեջան, որպէսզի շատ աւելի մանրամասն ամրագրեն, որ այդ խաղաղապահ ուժերը ինչ լիազօրութիւններ ունեն։ Ռուսաստանն ուզում է, որ նման պայմանագիր ստորագրուի, Ադրբեջանը խուսափում է, որ նման պայմանագիր ստորագրուի», նշեց Մանոյեան։
Մանոյեան անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ Ռուսիա կրցաւ համոզել պատերազմը դադրեցնելու՝ խաղաղապահ ուժեր բերելով, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Ռուսիա համաձայն չէ, որ Ղարաբաղի հարցը լուծուի Արցախը Ատրպէյճանի մաս ըլլալով։ Ռուսիա կը փորձէ առանց առճակատման այս հարցը լուծել։
ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավարը խօսեցաւ նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն մասին. «Թուրքիան այդ ամէնը շատ թանկ ծախեց Ադրբեջանի վրայ։ Ադրբեջանն այդքան էլ գոհ չէ, որ Թուրքիան այս ծաւալով է մտել իր առօրեայի մէջ՝ ոչ միայն ռազմական օգնութիւն, ներկայութիւն, այլեւ, փաստօրէն, թելադրող լինելու ցանկութիւն եւ փորձեր, որոնք դժգոհութիւն են պատճառում Ալիեւին։ Այս ամէնը մի կողմ, այստեղ կարեւորն այն է, թէ մենք ինչ ենք անելու։ Մեր պահուածքով՝ մենք, բացի ամէն ինչ՝ ինքնիշխանութիւն, տարածք յանձնելուց, ոչինչ էլ չենք կարող անել։ Վրաստանը մեր աչքի առաջ օրինակ է․ Թուրքիան ամբողջութեամբ վերահսկում է Վրաստանը», նշեց Մանոյեան։