Թուրքիոյ «Պելկէ» հրատարակչատունը լոյս ընծայեց գրող՝ Կիւլչիչէք Կիւնէլ Թեքինի «Զիս Առանց Լողացնելու Թաղէք» գիրքը, որուն մէջ ներկայացուցած են Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսներու եւ անոնց հարազատներուն վկայութիւնները: Հրատարակչատան սեփականատէր եւ խմբագիր Ռաքըպ Զարաքօլու յայտնեց, թէ կարեւոր այս աշխատութիւնը կու գայ մերկացնելու վերջին տարիներուն տարածում գտած « քիւրտերը հայերուն կոտորեցին» սուտ պնդումները:
Գիրքին հեղինակը 126 ականատեսներու եւ անոնց հարազատներու հետ կատարած հարցազրոյցներուն ընդմէջէն կը բացայայտէ Հայոց ցեղասպանութեան յանցագործները: Վերապրողներէն մէկուն՝ Միհեմետէ Էրսէնի վկայութեամբ՝ ցեղասպանութեան տարիներուն ինք ծառայած է Համիտիյէի գունդերուն մէջ եւ տեսած է, որ Երիտ. Թուրքերը կազմակերպած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը : Անոնք քրտական ցեղերուն համոզած են մասնակիլ հայերու կոտորածներուն: Ցեղասպանութեան ականատեսներէն՝ Մելլէ Ալի Ելտըզ պատմած է, թէ քրտաբնակ շրջաններուն ուղղուած հրովարտակի մը մէջ կը պնդէին, թէ եօթ հայ սպաննողին առջեւ պիտի փակուին դժոխքի դուռերը , իսկ 8-րդը սպաննողին առջեւ պիտի բացուին դրախտի դուռերը: Ականատեսը կը պնդէ, թէ առ ի պատասխան, 147 քիւրտ հոգեւորական հրովարտակ արձակած են ՝ չմասնակցելու հայերու կոտորածին: