Համշէնահայ գործիչ եւ մտաւորական Ճեմիլ Աքսուն եւ անոր կինը` Նուրճան Վայիչ Աքսուն 8 դեկտեմբերին ազատ արձակուած են թրքական բանտէն` քանի մը շաբաթ կալանաւորուած մնալէ ետք:
«Տը Արմինիըն Ուիքլի» կը հաղորդէ, որ քաղաքական գործիչ եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Նուրճանը կալանաւորուած էր 19 հոկտեմբերին անոր տան մէջ ոստիկանութեան կատարած ներխուժման ժամանակ: Անոր ամուսինը` լրագրող եւ հասարակական գործիչ Ճեմիլը, իր կարգին ձերբակալուած էր «յանցագործութիւն քարոզելու» մեղադրանքով` ընկերային ցանցերուն վրայ վերջինիս գրառման պատճառով: Աքսու ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան տեղւոյն համանախագահն է:
Այր եւ կին Արդվին նահանգի Հոպա գիւղէն են, որ կը գտնուի Վրաստանի հետ սահմանէն 12 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Անոնք մշտապէս կը բարձրաձայնեն բնապահպանութեան եւ կիներու իրաւունքներուն առնչուող հարցերը, ինչպէս նաեւ հանդէս կու գան Թուրքիոյ կառավարութեան գործունէութեան նկատմամբ քննադատական ելոյթներով:
Յիշեցնենք, որ անոնք փոքրիկ երեխայ ունին` Արեւը, որ ծնողներուն ձերբակալութենէն ետք մնացած էր մինակ: