Իրանի մէջ հակակառավարական բողոքի ցոյցերուն զուգահեռ ընկերային ցանցերու մէջ յայտնուած է յայտարարութիւն մը, որուն հեղինակները իրենք զիրենք կոչած են «Հարաւային Ազրպէյճանի ժամանակաւոր ազգային ժողով»:
Յայտարարութեան մէջ հեղինակները նշած են, որ Իրանէն դուրս կառավարութեան ստեղծման աշխատանքներու սկսած են:
Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 1 հոկտեմբերին Անգարայի մէջ «Հարաւային Ազրպէյճանի» քաղաքական գործիչները հաւաքուած եւ որոշած են ստեղծել «Հարաւային Ազրպէյճանի ժամանակաւոր ազգային ժողով», որ մէկ ամսուան ընթացքին պիտի ունենայ կանոնակարգ, իսկ անդամներու թիւը պիտի ըլլայ 91-էն 101 հոգի:
Նշենք, որ հեղինակները «Հարաւային Ազրպէյճան» տարածք ըսելով նկատի ունին Իրանի Ատրպատականը (Ազրպէյճան), որուն բնակչութեան զգալի մասը թրքախօս իրանցիներ են: