Անցնող օրերուն Թուրքիոյ Մանիսա նահանգի Սոմա շրջանին մէջ պատահած հանքավայրի աղէտին զուգահեռ, Թուրքիոյ Լրագրողներու Միութեան նախագահ Ահմէտ Ապաքայի՝ հայկական արմատներուն մասին բացայայտումն էր: Ահմէտ Ապաքա, իր մօր «Հոշանայի Վերջին Բառերը» գիրքին մէջ կը գրէ, թէ մայրը՝ Հոշանան, տասներեք տարի առաջ, առիթով մը պատմած է իր հայկական արմատներուն մասին: Ահմէտ Ապաքա տասը տարի այս խոստովանութիւնը գաղտնի պահելէ ետք, ի վերջոյ կ’որոշէ բացայայտել ինքութիւնը եւ թուղթին յանձնել մօրը պատմածը, սակայն միայն անոր մահէն ետք: Ահմէտի քոյրը նոյնպէս կը խնդրէ չբացայայտել այս գաղտնիքը, որպէսզի չարժանանայ Հրանդ Տինքի ճակատագիրին: Մարդկային այս ողբերգութիւնը չի վերաբերիր միայն Հոշանային եւ Ահմէտ Ապաքային: Քանի, քանի Հոշանաներ մեկնեցան այս աշխարհէն առանց բացայայտելու իրենց ինքնութիւնը: Քանի, քանի Հոշանաներ ու Ահմէտներ տակաւին կը սպասեն յարմար պահուն…: Վստահաբար հազարաւորներ նախընտրած են իրենց հետ անդենական տանիլ այս վիշտը: Տակաին քանի, քանիներ տեղեակ ալ չեն իրենց ինքնութեան..:
Սեւրի Դաշնագիրը ճշդեց Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ՝ մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ գործուած ոճիրներուն յանցագործները քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու սկզբունքը: 10 Օգոստոս 1920-ին ստորագրուած Դաշնագիրը, Ազգերու Լիկային իրաւունք կը վերապահէր պատժելու Արեւմտահայաստանի եւ Թուրքիոյ մէջ կազմակերպուած «աննախադէպ գազանութիւններուն» յանցագործները: Ազգերու Լիկան յանձնախումբեր կազմեց՝ հետաքննութիւն վարելու եւ վկայութիւններ քաղելու զոհերուն ընտանիքներէն, անոնց հարազատներէն: Սեւրի Դաշնագիրը նաեւ, անհրաժեշտ հետաքննութիւնները կատարելու, որոշումներ կայացնելու նպատակով յանձնաժողովներ ստեղծելու լիազօրութիւն շնորհած էր Ազգերու Լիկային:
Ազգերու Լիկան յատուկ հետաքննութիւն մը բացաւ Թուրքիոյ, Փոքր Ասիոյ, եւ յարակից շրջաններու իսլամ ընտանիքներուն մօտ բռնի պահուող եւ իսլամացուած կանանց եւ անչափահասներու ճակատագիրին շուրջ: Ազգերու Լիկան փաստօրէն առաջին իսկ օրէն քննարկած է այս հիմնահարցը: Ան, մինչեւ իսկ այս նպատակով զբաղող յատուկ գրասենեակ մը ստեղծեց Իսթանպուլի մէջ: Ազգերու Լիկան կ’ակնկալէր,որ Դաշնակից պետութիւնները օժանդակէին անոր աշխատանքներուն: Հետաքննութիւնները աւելի աշխոյժացնելու նպատակով յանձնախումբին մէջ նշանակուեցան մարդասիրական ծառայութիւններով ծանօթ հեղինակութիւններ,որոնցմէ յատկապէս կարելէյ յիշատակել դանիացի մարդասէր Քարէն Եփփէն:
Տեղեկագրահաւաք յանձնախումբին անդամները դիմաւորեցին լուրջ դժուարութիւններ: Սակայն, յարգանք այդ ազնիւ մարդասէրներուն, կարելի եղաւ մշակել բաւակն ուշագրաւ եւ արժէքաւոր փաստագրական տեղեկութիւններ՝ բռնի պահուող անչափահասներու եւ կանանց վերաբերեալ: Նոյնիսկ եթէ անոնց ներկայացուցած թիւերը հեռու ըլլային աղէտին ամբողջական տարողութենէն, սակայն ոչ ոք կրնայ հերքել անոնց շնորհակալ աշխատանքը: Բրիտանական տեղեկագիր մը կը հաղորդէր, թէ իսլամական հաստատութիւններէ եւ սովորական ընտանիքներու մօտէն կարելի եղած էր ազատագրել մօտաւորապէս երեք հազար անչափահաս: Այդ օրերուն Իսթանպուլի Հայոց Պատրիաքարանը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ կը նշէր, թէ Թուրքիոյ որբանոցներուն մէջ ապաստանող անչափահասներուն կէսը հայեր են: Տեղեկագիրները կը հաստատէին, թէ ընդհանուր առմամբ հազարաւոր անչափահասներ եւ կանայք բռնի կերպով խզուած էին իրենց ընտանիքներէն…:
Թրքական իշխանութիւնները միտումնաւոր կը դժուարացնէին հայ կանանց եւ անչափահասներուն գերութենէ ազատագրելու աշխատանքները: Յատուկ կերպով ճնշում կը բանեցնէին անչափահասներու վրայ, որպէսզի մոռացութեան մատնուի անոնց ինքնութիւնը: Շատ յաճախ կը կեղծուէին անոնց ծննդեան վկայագիրները: Անոնց կը տրուէին թրքական անուններ: Որբանոցներու մէջ ապաստանած հայ որբերը կը ներկայացնէին իբրեւ քիւրտ: Նոյնպիսի դժուարութիւններ կը յարուցուէին հայ կանանց պարագային: Անոնց հասնիլն ու լսելը գրեթէ անհնար էր: Այս մանրամասնութիւնները արձանագրուած են Ազգերու Լիկայի տեղեկագիրներուն մէջ: Ազգերու Լիկան, 30 Օգոստոս 1921-ին, հիմնուելով իրեն փոխանցուող տեղեկագիրներուն վրայ, առաջին հերթին հաստատեց, թէ Թուրքիոյ եւ յարակից շրջաններուն մէջ կանանց եւ անչափահասներու տեղահանման փաստը իրականութիւն է: Քաղուած տեղեկութիւններուն համաձայն, մօտաւորապէս իննսուն հազար հայ՝ կանայք եւ անչափահասներ կարելի եղած էր վերադարձնել իրենց հարազատներուն…: Տեղեկագիրները կ’աւելցնէին, թէ տակաւին նոյնքան եւ աւելի հայ քրիստոնեայ կանայք եւ անչափահասներ կը գտնուէին թրքական տուներու եւ օտարութեան մէջ: Ազգերու Լիկան հաստատեց, թէ մօտաւորապէս եօթանասուն հինգ հազար հայ որբեր կը գտնուին թրքական տարբեր հաստատութիւններու մէջ..:
Փաստօրէն, Ազգերու Լիկային տեղեկագրուած տուեալները կը հաստատեն, թէ գոյութիւն ունեցած է հայ անչափահասները եւ կանանց բռնի իսլամացնելու համատարած քաղաքականութին: Առ ի յիշեցում, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճէպ Թայիփ Էրտողանին, Ազգերու Լիկայի ժառանգորդ Միացեալ ԱզգերուԿազմակերպութիւնը, 9 Դեկտեմբեր 1948-ին ընդունեց՝ «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ անոր համար պատիժ սահմանելու համար» բանաձեւը, որուն հինգերորդ յօդուածը իբրեւ ցեղասպանութիւն կ’ընդունի երեխաներու բռնի փոխանցումը մարդկային մէկ խումբէն միւսին: Փաստօրէն, ինչպէս նշուած է Ազգերու Լիկային մօտ, 1915-1922 ժամանակամիջոցին հայ ժողովուրդին դէմ իրականացուածը կազմակերպուած ցեղասպանութիւն էր: Մենք շատ անիմաստ եւ ի զուր կը սպասենք, որ այս կամ այն նախագահը ողորմութիւն ընելով ճանչնայ քսաներորդ դարու Առաջին Ցեղասպանութիւնը: Ցեղասպանութեան փաստը իրողութիւն է: ժամավաճառութեամբ եւ շահարկումներու գերին դառնալու փոխարէն անհրաժեշտ է յստակացնել մեր յառաջիկայ քայլերը:
Պարզապէս բազկերակ մը շօշափելու նպատակով, այսօրուան թրքական իշխանութիւններէն պահանջենք, որ մարդիկ առանց վարանելու յայտարարեն իրենց ինքնութիւնը…:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ