ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Տիգրանակերտի մէջ տեղի ունեցած է մարդկային իրաւունքներու վերաբերեալ գիտաժողով մը, որուն մասնակցած են տեղւոյն Մարդկային իրաւունքներու միութեան, Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքներու հիմնարկի Տիգրանակերտի մասնաճիւղին, Տիգրանակերտի փաստաբաններու կաճառին եւ Մարդկային իրաւանց դէտ (Human Rights Watch, HRW) միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:
Մարդկային իրաւանց դէտի Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Էմմա Սինքլեր Ուեպ, ակնարկելով երկիրին մէջ տիրող վիճակին՝ նշած է. «Ձերբակալութիւններ, բանտարկութիւններ, պաշտօնազրկումներ, արգելքներ. մէկ խօսքով՝ կամայականութիւննե՛ր: Փորձ կը կատարուի կատարեա՛լ վախի կայսրութիւն մը ստեղծելու»:
Անդրադառնալով քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի դէմ անհեթեթ ամբաստանութեանց՝ ան աւելցուցած է. «Տեմիրթաշի դէմ յարուցուած գործին նայելով կարելի է հակիրճ ձեւով նկարագրել երկրին մէջ տիրող իրավիճակը»:
Միւս կողմէ, գերմանացի քաղաքական գործիչներ Թուրքիոյ իշխանութիւններէն պահանջած են ազատ արձակել Տեմիրթաշը, որ 13 ամիսէ ի վեր բանտարկուած կը մնայ։
Յիշեցնենք, որ դատախազութիւնը 142 տարուան բանտարկութիւն կը պահանջէ Տեմիրթաշի համար։