Թուրքիոյ միակ հայկական գիւղը՝ Հաթայի նահանգին մէջ գտնուող Վաքըֆլըն, շուտով պատմութիւն պիտի դառնայ. համաձայն ընդունուած նոր օրէնքին՝ գիւղը զրկուած է գիւղի կարգավիճակէն եւ շուտով թաղամասի կարգավիճակ պիտի ստանայ:
Թրքական «Սապահ» օրաթերթին համաձայն, գիւղի բնակիչները բացարձակապէս գոհ չեն այս որոշումէն։
1939-էն ի վեր Վաքըֆ բնակող հայերը յայտնած են, որ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ կ՛այցելեն շրջան, քանի որ անիկա միակն է ամբողջ Թուրքիոյ մէջ:
«Վաքըֆլըցիները կ՛ուզեն, որ Վաքըֆլըն պահպանէ գիւղի կարգավիճակը», յայտնած է Վաքըֆլը համայնքի ղեկավար Պերճ Քարթունը:
Գիւղի հայ բնակիչներուն համաձայն, այդ որոշումը մեծ ազդեցութիւն պիտի ունենայ իրենց ճաշարանները եւ զբօսավայրերը այցելողներուն վրայ, որոնց թիւը անպայման պիտի նուազի։