ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սօյլու Երկուշաբթի, 13 Մայիսին այցելեց Պոլսոյ պատրիարքարան: Նախարարը հիւրընկալուեցաւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի կողմէ, որուն կողքին էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Սահակ եպս. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու:
Ներկայ էին նաեւ Պոլսոյ կուսակալ Ալի Եէրլիքայա եւ Կրօնական ժողովի անդամները: Զրոյցը տեղի ունեցաւ դռնփակ:
Առայժմ զրոյցի բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդուած: Շուրջ քառասուն վայրկեան տեւեց հանդիպումը, որուն աւարտին նախարարը ստորագրեց հոգելոյս Մեսրոպ պատրիարքի սգոյ տոմարը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ հարցեր: Պետրոս Շիրինօղլու հանդիպումէն ետք «Ժամանակ» թերթին յայտնեց, որ Պոլսոյ գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութենէն՝ 23 Յունիսէն անմիջապէս ետք տեղի պիտի ունենայ տեղապահի ընտրութիւնը:
Հաւանական է, որ պատրիարքարանը հրապարակէ պաշտօնական յայտարարութիւն մը: