Յարութիւն Իսկահատաեան- ՊԱՅՔԱՐ 97
Պատմաբան Արամ Գույումճեան իր «Հայոց Ցեղասպանութիւնը- Թուրքիոյ Պատասխանատուութիւնը Ընդգծող Օրինական ու Քաղաքական Ուղիներ» (THE ARMENIAN GENOCIDE : INTERNATIONAL LEGAL AND POLITICAL AVENUES FOR TURKEY’S RESPONSIBILITY) խորագրեալ թէզով, կ’ուսումնասիրէ եւ կը վերլուծէ Հայասպանութեան մէջ Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը յաչս աշխարհի երեւան հանելու եւ ըստ այնմ՝ հատուցման հարցերը:
Ներկայ Միջազգային իրավիճակին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը չի կրնար անտեսուիլ: Անոր ահաւորութեան կը գիտակցին ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ օտարներ: Իբրեւ Օսմանեան Պետութեան ժառանգորդը, Թրքական Հանրապետութիւնը ցարդ կ’ուրանայ Հայասպանութեան փաստը: Թրքական այս ժխտական կեցուածքը հարիւր տարիներէ ի վեր է եւ նոր ցեղասպանութիւններու դուռ բացած է, զանոնք անուղղակիօրէն թոյլատրելի եւ արդարացուցիչ նկատելու կարելիութիւն ստեղծելով: Հոս կը ծագի հարց մը թէ ինչո՞ւ պետութեան մը պատասխանատուութիւնը երեւան հանող ու պատժող միջազգային օրէնքը կը մնայ անկիրառելի: Հեռու միջազգային յստակ օրէնսգիտութենէն, շահի վրայ հիմնուած իրատեսական քաղաքականութեամբ (International Realpolitik) եւ տնտեսական շահերէ ելած, համաշխարհային փոխ-յարաբերութիւնները մշակողները Թուրքիան եւ իր դաշնակիցները կ’արդարացնեն բազմաթիւ յանցանքներէ: Այս կացութիւնը բնականաբար չի կրնար շարունակուիլ, հետեւաբար անհրաժեշտ է որ պետական պատասխանութիւնները ճշդուին եւ միջազգային օրէնքները կիրառուին յանցագործ պետութիւններու վրայ ու ստիպեն զանոնք իրենց յանցանքներուն խոստովանութիւնը եւ անիրաւուածին հանդէպ հատուցումը կատարել:
Առ ի պատասխան հայոց դէմ թուրքերու կողմէ գործուած 19-րդ դարու երկրորդ կէսի ահաւոր ոճիրներուն, Ա. Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբը թէեւ միջազգային ընտանիքը զլացաւ բան մը ընելու, սակայն 1899-ի Լահայի Բանաձեւը եւ 1907-ի անոր վերամշակուած տարբերակը եկան մեղմելու կացութիւնը՝ բարոյականապէս եւ ոչ գործնական գետնի վրայ: Կատարուած ոճիրները այնքան ահաւոր էին որ սուր կերպով կը խոցէին մարդու իրաւունքները ըստ վերոյիշեալ Բանաձեւին: Արդարեւ պատերազմի մէջ մխրճուած եւրոպական երկիրներու արտաքին քաղաքականութիւնը կամայ թէ ակամայ կ’ընթանար ի նպաստ ոճրագործ Թուրքիոյ: Սակայն եւ այնպէս Հյասպանութիւնը քօղազերծող ու դատապարտող երեք պաշտօնական տարազներ աւելի ուշ երեւան եկան: Առաջինը՝ Հանրային Յայտարարութիւնը Դաշնակիցներու 24 Մայիս 1915-ին, երկրորդը՝ Խաղաղութեան Վեհաժողովը Փարիզի մէջ իսկ երրորդը՝ Սեւրի Դաշնագիրը 10 Օգոստոս 1920-ին: Բազմաթիւ պետութիւններ ցնցուած էին ի տես կատարուած Հայասպանութեան եւ զայն անհանդուրժելի որակեցին: Ոճիրներու գործադրման հրամանը թրքական կառավարութենէն տրուեացաւ ուղղակի Օսմանեան Պետութեան կողմէ ստեղծուած տխրահռչակ խումբի մը որ կը կոչուէր Թաշքիլաթի Մահսուսէ: Ոճիրը պետական էր ու այս հիման վրայ ՄԱԿի կողմէ ան յետագային կոչուեցաւ Ցեղասպանութիւն յետադարձ զօրութեամբ, որուն հիման վրայ որդեգրուեցան կանխարգելիչ միջոցներու յայտարարութիւն հիմնուելով Ռաֆայէլ Լեմքինի (1943) առաջարկին վրայ:
Քսաներորդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան աշխարհ ականատես վկայ դարձաւ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի ընթացքին, երբ թուրքերը Հայաստանի ու Կիլիկիոյ մէջ հայ բնակչութեան դէմ ի գործ դրին ամենէն վայրենի կերպով յօշօտելու միջոցներ: Պատերազմին սկիզբը թուրքերը լեցուած էին նոր գաղափարաբանութիւններով որոնցմէ ամենէն ուշագրաւն էր փան-թուրքիզմը: Գույումճեան կ’ըսէ թէ հայ բնակչութիւնը «Երկու պատերազմիկ ոյժերու՝ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գտնուեցաւ պատերազմին սկիզբը»: Հայոց այս կացութիւնը թուրքերուն ընծայեց իբրեւ թէ արդարացուցիչ պատրուակ՝ գործադրելու նախապէս ծրագրուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Թուրքերը որոշ հայերու ռուսերուն հետ գործակցութիւնը ընդհանրացուցին եւ անիրաւօրէն դատապարտեցին ամբողջ հայ ազգը եւ ձեռնարկեցին զայն կործանելու փորձի մը: Անոնք թուրք, քիւրտ եւ չէրքէզ բնակչութեան մէջ հայոց հանդէպ ատելութիւն սերմանեցին եւ աւելի յառաջ երթալով հայոց դէմ կատարուող սպանդները ոչ միայն քաջալերեցին՝ այլ թրքական ոստիկանութիւնն ու բանակը ուղղակի մասնակցեցան կոտորածներուն:
Այս առնչութեամբ Օսմանեան պետութեան մէջ Ա. Մ. Ն. ի դեսպան Հենրի Մորկընթաու կ’ըսէ. «Պատերազմի կացութիւնն ու պարագաները թուրքերուն տուին մեծ առիթը նախապէս իրենց երազած հայերը բնաջնջելու ձեռնարկը գործադրութեան դնելու»: Մորկընթաու աւելի բացատրողական ձեւով կ’աւելցնէ. «Զանգուածային բռնագաղթերը կը միտէին… քօղարկուած ձեւով հայ բնակչութեան կանոնաւոր կործանման»: Տեղի ունեցող տեղահանութիւններուն եւ աքսորին պաշտօնական բնոյթ տալու համար օսմանեան կառավարութիւնը կալուածներ բռնագրաւելու եւ սեփականազրկելու ժամանակաւոր օրէնքներ(tehcir law/ tehjir law-թեհճիրի օրէնք-the “Sevk ve İskân Kanunu”/հայոց բռնագաղթի օրէնք/) յայտարարեց, որոնք հայոց բռնագաղթը դիւրացուցին եւ հայերը սեփականազրկեցին իրենց ստացուածքներէն ու ինչքերէն: Այդ օրերուն թրքական իշխանութեան գործելակերպին դէմ որոշ թուրք բողոքողներ եղած են, սակայն անոնք սպառնալիքով շուտով լռութեան մատնուած են: Անոնցմէ եղած է թուրք ծերակուտական մը, որ անօրինական եւ հակասահմանադրական նկատած է վերոյիշեալ ժամանակաւոր օրէնքները:
Վերադառնալով Ցեղասպանութեան մէջ պետական պատասխանատուութեան ճշդումին, ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան Բանաձեւի լոյսին տակ կրնանք ըսել թէ Թուրքիա իբր Օսմանեան Պետութեան ժառանգորդը պատասխանատու է Հայասպանութեան համար: Նոյն այս բանաձեւով է որ միջազգային ընտանիքը դատապարտեց քանի մը սերպ պատասխանատուներ Պոսնիոյ կոտորածներուն համար:
Իբրեւ եզրակացութիւն Արամ Գույումճեան կ’ըսէ թէ թրքական զինուորական ատեաններու արխիւային տեղեկագրութիւնները կը հաստատեն 1915-ին Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ հայերը կոտորելու եւ անոնց ստացուածքներն ու ինչքերը իւրացնելու թուրքերու մտադրութիւնները: Այս մէկը յստակօրէն կ’երեւի Հայասպանութեան պարագային: Հոս տեղին է ըսել Թուրքիոյ՝ խոստովանութիւն ի բերանէ քումմէ…: Ատենին Լահայի Ատեանի Բանաձեւն ու Սեւրի Դաշնագիրը կանխատեսած են այս հիման վրայ հայոց հատուցում ընելու Թուրքիոյ պարտաւորութիւնը Պետական մակարդակի վրայ: Իսկ ներկայիս միջազգային ատեաններու փաստարկները Հայսպանութեան նկատմամբ յստակօրէն կը մատնանշեն Թուրքիոյ պատասխանատուութիւնը պետական մակարդակով: Առ այդ՝ Թուրքիա պարտաւոր է հայոց հատուցում կատարելու:
Գործնականին մէջ սակայն ինչպէս վերը յիշեցինք երկիրներու փոխ-յարաբերութիւնները, որոնք շահի վրայ հիմնուած են թոյլ չեն տար ցարդ որպէսզի միջազգային ընդունուած օրէնքները կիրառուին արդարօրէն: Մեծ պետութիւնները կը վարուին երկու չափ, երկու կշիռի խարդախութեամբ եւ անօրէնութեամբ: Այսպիսի կացութեան մէջ Թուրքիա տակաւին զբաղած է պղտոր ջուրերու մէջ ձուկ որսալու քաղաքականութեամբ՝ պատեհապաշտութեամբ կարգ մը ոյժերու հովանաւորութիւնն ու պաշտպանութիւնը վայելելով: Հակառակ բազմաթիւ կողմերու զգուշացումներու թէ ոճրագործին անպատիժ մնալու պարագային ոճիրները կը կրկնուին ու կը շարունակուին, միջազգային ընտանիքը տեղի ունեցող անցուդարձերու նկատմամբ կը շարժի ինքնուրոյն շահերու տեսանկիւնէ: Երբեմն պատահար մը խստօրէն կը դատապարտուի իսկ ուրիշ անգամ կատարուող ոճիրներու վրայէն լուռ ու խուլ կ’անցնին մեծ պետութիւնները՝ նայած թէ ըստ իրենց շահերուն ո՞վ է յանցաւորը եւ ո՞վ է զոհը: Նոյնպէս Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման իրողութենէն քաջալերուած՝ Թուրիոյ եւ այլ պետութիւններու կողմէ նոր ոճիրներ կը կատարուին եւ կը շարունակուին անպատիժ մնալ:
Նոյնինքն թրքական ուրացումի քաղաքականութիւնը, որ ինքնազօրացուած է «Թրքական Պատժական Օրինագիրք»ի (Turkish Penal Code) թիւ 301 յօդուածով, որ թրքութիւնը վիրաւորելը յանցանք կը նկատէ, եւ որ խիստ վիճելի է թէ՛ Թուրքիոյ ներքին քաղաքական ու այլ ոյժերու միջեւ եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ, հայոց ի վիճակի կը դարձնէ միջազգային ատեաններու առջեւ դատապարտելու Թուրքիան իբրեւ մարդկային իրաւանց խախտող եւ Հայասպանութեան պատասխանատու Պետութիւն ու անկէ հատուցում պահանջել: Հայ վերապրողներու սերունդներուն թուրքերու կողմէ գործադրուած Հայասպանութեան պատճառած վէրքերու ազդեցութիւնը կը յարատեւէ մինչեւ օրս թրքական ուրացումի պատճառաւ:
Այսօր հայը խիստ կարեւոր պարտականութիւններ ունի կատարելիք: Ան օրն ի բուն պէտք է գործէ եւ պահանջէ Հայ Ազգի իրաւունքները Թուրքիայէն եւ միջազգային ընտանիքէն: Հայը պէտք չէ որեւէ առիթ փախցնէ Հայկական Հարցը միջազգային ազդու ատեաններ հասցնելու եւ այդպիսով ապահովելու իր իրաւունքներն ու սեփական բռնագրաւեալ հողերու ազատագրութիւնն ու հատուցումը բոլոր մակարդակներու վրայ:
Ոճիրներու անպատժելիութեան շղթան հետզհետէ աւելի կ’երկարի մարդկութեան մէջ, եթէ երբեք միջազգային ընտանիքը վճռական ու գործնական քայլեր չառնէ իր օրինական եւ քաղաքական իրաւասութիւնները օգտագործելով ոճրագործը դատարանի առջեւ բերելու եւ պատժելու համար: