Յարութիւն Իսկահատեան- Պէյրութ- Պայքար 101
Լուրջ աշխատասիրութիւն մը կատարած ըլլալու հաւակնութեամբ եւ գոհունակութեամբ, ամերիկացի ոմն Քրիսթոֆըր Կանն կը փորձէ ձաղկել Հայոց Ազատագրական նորագոյն զինեալ պայքարը: Անոր հաւակնութիւնը կը բխի իր ներկայացուցած թէզին եւ համալսարանին երեւութական պաշտօնական հանգամանգներէն, մինչ Ա. Մ. Ն.-ի մէջ կարելի է որեւէ ձեւով մագիստրոսական կամ դոկտորական թէզ ներկայացնել ու համապատասխան տիտղոսը յափշտակել, խնդրոյ առարկայ նիւթին հետ կապուած պատասխանատուները նիւթապէս գոհացնելով: Իսկ անոր զգացած գոհունակութիւնը կու գայ մեծամասնութեամբ թուրքերով կազմած իր ընկերային շրջանակին իրեն ընծայած ափի ու ծափի մնացուկներէն, որոնց թելին ծայրը մինչեւ պաշտօնական Անգարա կը հասնի:
Ֆլորիտայի Պետական Համալսարանի Արուեստից Եւ Գիտութիւններու Բաժնի (Florida State University- College of Arts and Sciences) փիլիսոփայութեան նախկին ուսանող՝ Քրիսթոֆըր Կաննի պատմութեան ոլորտին պատկանող թէզին պատճէնը համացանցի վրայ զետեղուած է https://fsu.digital.flvc.org/islandora/object/fsu%3A253616 հասցէով ըստ վերոյիշեալ համալսարանի ընթացակարգին: Թէզին խորագիրն է «Գաղտնի Բանակներ Եւ Յեղափոխական Դաշնակցութիւններ- Ծնունդն Ու Անկումը Հայկական Քաղաքական Բռնութեան, 1973-1993» (Secret Armies and Revolutionary Federations: The Rise and Fall of Armenian Political Violence, 1973-1993): Հեղինակը իր թէզը պաշտպանած է 8 Յուլիս 2014-ին եւ «բարւօք» ստացած է իր դոկտորական տիտղոսը:
Թէզին երախտագիտական բաժնին մէջ կը նկատենք թէ հեղինակը՝ Քրիսթոֆըր Կանն շնորհակալութիւն կը յայտնէ եօթը թուրքերու եւ զանազան երկիրներու մէջ պաշտօնավարած հինգ թուրք դեսպաններու, որոնք իրենց «խորհուրդներ»ով օգտակար դարձած են իր «աշխատութեան ուսումնասիրութեան» ընթացքին: Ան որոշ ատեն մնացած է Անգարայի եւ Անթալիայի մէջ «պրպտելու» համար թրքական Արտաքին Գործոց Նախարարութեան արխիւները եւ զրուցելու հայոց կողմէ թուրք դիւանագէտ սպանեալներու թոռներուն հետ:
Վերոյիշեալ տեղեկութիւններէն դատելով, կը տեսնենք թէ փիլիսոփայ-պատմաբան Քրիսթոֆըր Կաննի «ուսումնսիրութեան» աղբիւրները իննիսուն տոկոսով եղած են թրքական եւ ան զանց առած է հայկական որեւէ գաղութ մը այցելել, ինչպէս Լիբանան կամ Ֆրանսա, բաւարարուելով իրեն հաճելի եւ հեշտ այցելութիւններով ու ժամանցներով՝ միայն Թրքական Հանրապետութեան մէջ: Անոր «աշխատութիւնը» կ’արտացոլացնէ միայն ու միայն թուրքերու կարծիքները եւ չափազանց միակողմանի է, այսպիսով բոլորովին չպահպանելով նուազագոյն առարկայականութիւնն ու գիտականութիւնը:
Քրիսթոֆըր Կանն իր թէզին առաջին նախադասութեան մէջ իսկ Հայկական ազատագրական նորագոյն պայքարը կը կոչէ ահաբեկչութիւն, առանց որեւէ փաստի: Ան կ’ըսէ թէ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն ու Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը կը ձգտէին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչում ապահովել», առանց դոյզն ճիգով իսկ նախապէս սահմանելու եւ բացատրելու Հայասպանութիւնը: Ան բոլորովին կ’անգիտանայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ ներկայիս աշխարհի մէջ պաշտօնական լայն ճանաչում գտած է: Կանն կը մնայ իր նեղ պատեանին մէջ, թուրքերու ժամանակավրէպ ուրացման յանկերգները ոռոճալով:
Երեւոյթի մը գիտական ուսումնասիրութիւնը կը հարկադրէ հեղինակը պրպտել անոր պատճառները, բացատրել զանոնք, պարզել երեւոյթը անոր ծագման պատճառներու լոյսին տակ եւ ապա միայն եզրակացութիւն ընել անոր մասին: Այս պարագային Քրիսթոֆըր Կանն իր «գիտական» թէզին առաջին մէկ նախադասութեան մէջ արդէն կ’անցնի եզրակացութեան՝ դատապարտելով Սփիւռքի հայերը իբրեւ ահաբեկիչներ: Ան բոլորովին կ’անգիտանայ օսմանեան պետական ահաբեկչութիւնը՝ որ աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայոց կեանքերը խլեց եւ հայոց հայրենիքը բռնագրաւեց: Հեղինակին միակ մտահոգութիւնը որ կ’արտացոլայ իր թէզին էջերուն մէջէն, այն է թէ թուրք քաղաքացիներն ու դիւանագէտներն են զոհերը, եւ հայերը միայն՝ դահիճները:
Քրիսթոֆըր Կանն կ’ամբաստանէ ԱՍԱԼԱ-ն եւ Հ. Յ. Դ. –ն ըսելով թէ անոնք կը ձգտին իւրացնել Արեւելեան Անատոլիան: Այս փիլիսոփայ-պատմաբանը ամենեւին կ’անգիտանայ պատմութիւնը ու սխալ յայտարարութիւններ կը փորձէ մէջտեղ նետել: Ճշմարտութիւնը այն թէ հայերը կը ձգտին ազատագրել բռնագրաւուած Հայաստանի Արեւմտեան հատուածը Թուրքիոյ լուծէն: Սակայն ինչ սպասել մէկէ մը, որ փիլիսոփայութեան մէջ ձախող ուսանող մը եղած է, եւ առանց գիտելիքներու հիմք ունենալով պատմութեան գծով, յանկարծ կ’որոշէ թէզ պատրաստել այդ ոլորտին մէջ:
Հայկական նորագոյն ազատագրական զինեալ պայքարը նսեմացնելու, պատմութիւնը խեղաթիւրելու եւ հայերը ահաբեկիչ անուանելու իր արարքին մէջ Քրիսթոֆըր Կանն կը յենի ամերիկեան «ազատութիւն ու ժողովրդավարութիւն» կոչուած այսպէս ըսած գաղափարախօսութեան՝ երկու չափ երկու կշիռ սանձարձակութեան մթնոլորտին մէջ ոչ գիտական ու միակողմանի կեցուածքին: Ան նոյնպէս Պաղեստինեան զինեալ պայքարը կը նկատէ ահաբեկչութիւն: Բոլոր այն երկիրները եւ յեղափոխական կազմակերպութիւնները որոնք դէմ կեցած են Իսրայէլի եւ Ա. Մ. Ն.-ի, Կանն կը նկատէ իբրեւ հայոց զինեալ պայքարի դաշնակիցներ եւ նպաստողներ, ինչ որ շատ պարագաներու չի յամընկնիր իրականութեան հետ: Քրիսթոֆըր Կաննի պատմութեան եւ քաղաքականութեան մասին «չքնաղ» գաղափարները ցոյց կու տան անոր մտայնութեան տափակութիւնն ու կարողութեան բոպիկութիւնը:
Փորձելով գիտականութեան նշոյլ մը մտցնել իր «աշխատութեան» մէջ, Քրիսթոֆըր Կանն դէպքերու եւ եղելութիւններու թուականներ կը սահմանէ յաճախ ինքզինք հակասելով: Օրինակի համար տեղ մը 1988-ը թուականը կը հաստատէ իբրեւ հայկական ազատագրական զինեալ պայքարի աւարտը, իսկ ուրիշ տեղ մը յանկարծ այդ թուականը կը փոխարինուի 1993-ով: Այս օրինակը կը բերեմ իբրեւ նուազագոյն նկատողութիւն:
Նորայայտ այս փիլիսոփայ-պատմաբանը կ’ըսէ թէ հայկական քաղաքական կազմակերպութիւնները 1960-ական թուականներուն դրսեւորեցին հակաթրքական կեցուածք եւ շարունակեցին այս ընթացքին մէջ մնալ 1970-ական թուականներուն քաջալերուած անոր բերած միջազգային դրական արձագանգներէն: Ամէն ինչէ առաջ այս մարդուկը հակահայկական իր արշաւին հակառակ ակամայ կը խոստովանի թէ վերոնշեալ ժամանակաշրջանի հայոց հակաթրքական բիրտ կեցուածքին միջազգային ազդեցութիւնները դրական էին: Ակնյայտ է որ այդ թուականներու զինեալ գործունէութեան իբր արդիւնք միջազգային կարծիքը իրազեկ եղաւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստին եւ անոր հեղինակ Թուրքիան դատապարտելու հայոց արարքը հակառակ որոշ վերապահութիւններու դրական կը գտնէր: Այս էր ճշմարտութիւնը պարզապէս: «Ի բերանոյ քումմէ դատեցար» պարոն փիլիսոփայ պատմաբան Կանն:
Քրիսթոֆըր Կանն այլ խոստովանութիւն մըն ալ կ’ընէ հայոց նորագոյն զինեալ պայքարի յաջողութեան մասին երբ ԱՍԱԼԱն եւ Ցեղասպանութեան Մարտիկները կը բաղդատէ պասքերու, գերմանացիներու, իտալացիներու եւ պաղեստինցիներու զինեալ կազմակերպութիւններու հետ աւելցնելով թէ հայկական զինեալ պայքարը մեծ յաջողութիւն գտած էր 1970-1980-ական տարիներուն, հակառակ այն իրողութեան որ այս քառակուսի մարդուկը հայոց ազգային զինեալ նորագոյն պայքարը կը կոչէ ահաբեկչութիւն: Այս բաժնին մէջ ան իր հակահայ մոլուցքով կ’ամբաստանէ հայկական քաղաքական կազմակերպութիւնները իբրեւ միջազգային թմրեցուցիչներու մաքսանեգութեան գործակիցներ: Պարզ է որ այս ամբաստանութիւնը բոլորովին անհիմն է, որովհետեւ աշխարհի բոլոր պետական պատասխանատու հիմնարկները ոչ միայն այս մեղադրանքը հերքած են այլ մատնանշած են Թուրքիան իբրեւ թմրեցուցիչներու արտադրութեան հսկայական աղբիւր եւ այս կապակցութեամբ միջազգային մաքսանենգութեան ակնյայտ հեղինակը:
Իսկապէս ապիկար փիլիսոփայութեան ուսանող մըն է այս ինքնակոչ «պատմագէտը», որ ձախողած ըլլալով փիլիսոփայութեան ոլորտին մէջ դոկտորական թէզ մը մշակել, դիմած է պատմութեան ճիւղին եւ ընտրած է հայոց ազատագրական զինեալ նորագոյն պայքարը իբրեւ նիւթ ու խառնած է զայն իր փիլիսոփայական դատարկ կարծիքներու հետ եւ այսպիսով «յաջողած» է հրամցնել ծակ փիլիսոփայութեան նմոյշ մը, խեղաթիւրելով պատմութիւնն ու անարգելով փիլիսոփայութիւնը: Ան կ’ամբողջացնէ իրմէ առաջ իր նմաններուն ըրած խեղաթիւրումներուն շարքը, որ միայն ընդունելի է թուրքերուն եւ կ’անտեսուի միջազգային գիտական շրջանակներու կողմէ: Թրքական հակահայկական խեղաթիւրման եւ ուրացման բոլոր փորձերը դատապարտուած են ձախողութեան, ներառել այս փիլիսոփայ պատմաշինարարին հրապարակած կեղծիքը: