Յարութիւն Իսկահատեան – ՊԱՅՔԱՐ 126
Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անոր ծալքերը ուսումնասիրելէ եւ «Հայերը՝ Ժողովուրդ Եւ Դատ» [«Տեղեկատուութեան Եւ Ուսումնասիրութեանց Ազգային Կեդրոն – Տար Ալ-Թաքատումիեա» հրատ., Մըխթարա (Լեռնալիբանան), 1988, միջակ չափի 333 էջ] վերնագրեալ արաբերէնով աշխատութիւնը հրատարակելէ յետոյ, դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին այլ ուսումնասիրութեանց առընթեր իր ուշադրութիւնը կը կեդրոնացնէ թուրք արաբական յարաբերութիւններուն վրայ եւ կը ձեռնարկէ նոր աշխատասիրութեան մը, որ կը տեւէ հինգ տարի: Իբրեւ արդիւնք երկար պրպտումներու, ան լոյս կ’ընծայէ «Արաբական Աշխարհի Մէջ Թրքական Դերին Վտանգները» խորագրեալ արաբերէն գրքոյկը, փոքր չափի 104 էջ, անհատական հրատարակութեամբ, Պէյրութ, 1993-ին: Նախապէս Հայասպանութեան առընչութեամբ թուրքին վայրենի եւ կեղծաւոր նկարագիրի բացայայտումէն ետք, դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին արաբներու հետ թուրքին յարաբերութեան բնոյթէն եզրակացնելով կը մատնանշէ անոր ցեղապաշտ եւ մենատէր էութիւնը ճիշդ այնպէս ինչպէս սիոնիստ հրեան է:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին գիրքին սկիզբը «Դիրքը» խորագրեալ բաժինին մէջ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ աշխարհագրական ու քաղաքական դիրքը Միջին Արեւելքի մէջ, 9-16-րդ էջ: Ան կ’ըսէ թէ Թուրքիոյ աշխարհագրական եւ ռազմավարական դիրքը շատ զգայուն է եւ ան քաղաքական, տնտեսական ու ռազմական գլխաւոր դեր կը կատարէ շրջանի երկիրներուն նկատմամբ: Այս դերակատարութեան ետին կը կանգնին Ա.Մ.Ն.ի եւ Իսրայէլի հետ Թուրքիոյ ներդաշնակ յարաբերութիւնները՝ արաբական երկիրներու դէմ իրենց թշնամական կեցուածքի ծիրին մէջ: Այս ուղեգիծը ծրագրուած եւ որդեգրուած է խնդրոյ առարկայ երկիրներու կողմէ (Ա.Մ.Ն., Թուրքիա եւ սաղմնաւորման մէջ գտնուող սիոնական պետութեան ահաբեկիչ ղեկավարութիւնը) Բ. Համաշխարհային Պատերազմէն անմիջապէս ետք, 1946-ին, «Կարկանդակի Կաղապար» անուան տակ: Ա.Մ.Ն. սկսած էր Թուրքիան նկատել շրջանին մէջ իր կենսական շահերը պաշտպանողներէն մէկը, որուն միջոցաւ ան դէպի Միջին Արեւելք իր առջեւ լայն բացուած դուռ մը ունէր: Այս պատճառաւ նախագահ Ֆրանքլին Ռուզվըլթ կ’ըսէ. «Թուրքիան պաշտպանել կը նշանակէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պաշտպանել»: Իր հիմնադրութեան առաջին օրէն Թուրքիա դարձաւ արեւմուտքի եւ յետագային ՆԱԹՕ-ի կարեւորագոյն յենարաններէն մէկը որ կը կատարէր ու կը կատարէ անոր ամենէն դժուար առաքելութիւնները:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ, որ Թուրքիոյ կարեւորութիւնը ՆԱԹՕ-ի համար աւելի մեծցաւ երբ Իրանի շահը տապալեցաւ, որովհետեւ Ամերիկա սկսաւ աւելի յենիլ անոր վրայ: Թուրքիոյ մէջ ամերիկեան զինուորական խարիսխներուն թիւը բազմացաւ եւ հոն յաւելեալ ռազմամթերք ամբարուեցաւ ու այլ զինուորական ծառայողներ հաստատուեցան: Ամերիկացի եւ միջազգային ռազմական վերլուծաբաններ նկատել տուին թէ՝ «Թուրքիոյ ապահովութիւնը Ա.Մ.Ն.ի ապահովութեան մէկ անբաժանելի մասն է»: Ա.Մ.Ն.ի եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութիւններու վերջինիս կողմէ որեւէ հաւանական խախտումի առաջքը առնելու համար, Ամերիկա պարտադրեց Թուրքիոյ ստորագրելու անջատ համաձայնութիւն մը, որուն միջոցաւ Ա.Մ.Ն.ը լրիւ իրաւունք կ’ունենայ յարձակելու թրքական հողերու վրայ՝ եթէ երբեք պատահի որ Թուրքիոյ վարչակարգը յանկարծ փոխուի եւ դէմ դառնայ Ամերիկայի ու Իսրայէլի: Թուրքիա ոչ միայն օգտակար պիտի ըլլայ Ամերիկայի, այլ ըստ եղած համաձայնութիւններուն ան յանձնառու է պաշտպանելու Ամերիկայի դաշնակիցներուն շահերը շրջանին մէջ, մանաւանդ՝ Իսրայէլի: Այս բոլոր համաձայնութիւնները կը ձգտին Իսրայէլի ապահովութիւնը ամրապնդել որովհետեւ Ա.Մ.Ն.ը ուխտած է պաշտպանել զայն որեւէ գինով…:
Գիրքին Բ. բաժինին մէջ որ վերնագրուած է «Թուրք-Իսրայելեան Յարաբերութիւնները» (էջ 17-28), հեղինակը կը խօսի Իսրայէլի հանդէպ Ամերիկայի կողմէ Թուրքիոյ տրուած յանձնարարութիւններու, առաւել՝ Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի փոխ-յարաբերութիւններու մասին: Ամերիկա եւ Իսրայէլ անուղղակիօրէն ստիպեցին Թուրքիոյ որպէսզի ան արտօնէ այնտեղի հրեաներու արտագաղթը դէպի Իսրայէլ: Թուրքիան առաջին իսլամ պետութիւնն էր որ ճանչցած էր Իսրայէլը:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ՛ըսէ, թէ Իսրայէլ եւ Թուրքիա նմանութիւններ ունին իրարու հետ՝ ուրիշ ազգերու վրայ նախայարձակ ըլլալու եւ անոնց հողերը յափշտակելու անմարդկային արարքով: Այս իրավիճակը լաւապէս ծանօթ է հայերուս, քանի որ Թուրքիա Ֆրանսայի հետ կասկածելի համաձայնութեամբ մը Սուրիայէն խլած էր Աղեքսանտրէթի նահանգը եւ կցած իրեն, անկէ առաջ կոտորածներով եւ բռնագաղթով մեծ մասամբ հայերէ բռնագրաւած Կիլիկիոյ եւ Արեւմտահայաստանի հողերուն հետ: Հեղինակը կ՛աւելցնէ, թէ Թուրքիա արաբներու հետ իր յարաբերութեանց մէջ երկդիմի եւ կեղծաւոր դիրք ունի: Ան արեւմուտքի ներկայացուցիչն է Միջին Արեւելքի մէջ, որ միայն ու միայն Իսրայէլի շահերը կ’ապահովէ: Հեղինակին այս մատնանշումը աւելի քան տասնամեակ մը ետք դժբախտաբար իրականութիւն դարձաւ եւ կը շարունակուի մինչեւ հիմա:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կը ներկայացնէ ցանկ մը, ուր յստակ կ’երեւի թէ Թուրքիա եւ Իսրայէլ շատ նմանութիւններ ունին իրար հետ, որնցմէ են.-
Ա. Իրենց դրացիներուն հետ թշնամական կեցուածք որդեգրելը:
Բ. Իրենց ղեկավարներու բռնատէր եւ ֆաշական բնոյթը:
Գ. Արեւմուտքի հետ սերտ կապակցութիւն ունենալը:
Դ. Բոլոր քաղաքական եւ ռազմական անարդար գործողութիւնները քօղարկել «ազատութիւն եւ ժողովրդավորութիւն» սին լոզունքով:
Առաջին օրէն Թուրքիա ձգտած է եւ կը ձգտի ապահովել Ամերիկայի Հրէական Լոպիին հաւանութիւնը ամէն բանի մէջ եւ մանաւանդ՝ Հայասպանութեան ուրացման գծով: Ասկէ բացի, նոյն այս լոպիին օգնութեամբ Թուրքիա կրցած է մտնել առեւտրական միջազգային շուկաներ տնտեսական մեծ շահեր ապահովելով:
Երրորդ բաժինը խորագրուած է «Թուրք-Արաբական Յարաբերութիւնները» (էջ 29-68), ուր հեղինակը կը քննարկէ Թուրքիոյ եւ անոր շրջակայքի արաբական երկիրներու յարաբերութիւնները: Այս ծիրին մէջ դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին կ’ըսէ. «Կը սխալի ան, որ կը կարծէ թէ կարելի է արաբներու վրայ թրքական բռնատիրութեան անցեալը անջատել ներկայի թուրք-արաբական յարաբերութիւններէն նաեւ ապագային ալ»: Հեղինակը կ’աւելցնէ՝ «Արաբ ազգային-հանրային կարծիքը 1516-1918 չորս դարերու ժամանակաշրջանը կը նկատէ իբրեւ գաղութարարութիւն, որ շահագործելով կրօնքի մէկութիւնը քաղաքականօրէն անարդար գտնուած է արաբներու նկատմամբ եւ պատճառ դարձած է արիւնալի բախումներու եւ հակազդեցութիւններու»: Հեղնակը կը շեշտէ որ արաբ ազգայնականները Թուրքիան կը նկատեն իբրեւ ցեղապաշտ եւ միակողմանի դատումով պետութիւն մը:
Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին մանրամասնօրէն ներկայացնելով Թուրքիոյ արաբական երկիրներու հետ ունեցած անջատ յարաբերութիւնները, յատկապէս դիտել կու տայ թէ ազգայնական արաբներուն հետ Թուրքիա կեղծիքով եւ նենգութեամբ կը վարուի եւ միշտ ալ թշնամական կեցուածք ունի անոնց նկատմամբ: Իսկ գալով արաբական Ծոցի երկիրներուն հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն, աւելցնե՛նք թէ որոշ տարակարծութիւններով հանդերձ այդ մէկը ընդհանրապէս ներդաշնակ եղած է, որովհետեւ հիմնուած է այն իրողութեան վրայ թէ անոնք կը ծառայեն նո՛յն տիրոջ:
Հեղինակը կ’ըսէ թէ Թուրքիա տակաւի՛ն կը ձգտի փանթուրանական գաղափարի գործադրութեան եւ զայն նորոգելով դարձուձած է նոր-թուրանական գաղափարախօսութիւն, եթէ կարելի է զայն այդպէս կոչել: Դոկտ. Սալէհ Զահրէտտին այս հարցը կ’արծարծէ գիրքին 69-72-րդ էջերուն մէջ, «Թուրքիա Եւ Նոր-Թուրանիզմը» վերնագրեալ բաժինով: Թուրքիոյ այս ձգտումին մէջ ալ Ա.Մ.Ն.ը եւ Իսրայէլ նեցուկ կը կանգնին անոր՝ որովհետեւ փանթուրանիզմի իրագործումը ձեռնտու է իրենց համար ալ, քանի որ անոր յաջողութեան պարագային անոնք պիտի կարենան իրենց ազդեցութեան տակ առնել լայն տարածքներ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ, հակադրուելով Ռուսիոյ շահերուն: Նկատի առնելով ներկայի աշխարհաքաղաքական իրավիճակը, այդ գաղափարին իրագործումը գրեթէ անկարելի կ’ըլլայ եւ կը մնայ Թուրքիոյ ու անոր դաշնակիցներու լոկ ցանկատեսական ձգտում:
Դոկտ. Սալէհ Զարէտտին գրքոյկին վերջին գլուխին մէջ, որ խորագրուած է «Եզրակացութիւն Եւ Ամփոփում» կ’ըսէ թէ նկատի ունենալով որ Թուրքիա չի կրնար առանց թշնամութիւն ընելու գոյատեւել, հետեւաբար ան կատարեալ ձեւով կը ծառայէ արեւմուտքի, որ անոր կու տայ «շրջանի հսկող ոստիկանը» տիտղոսը, սակայն արեւելեան ու իսլամական տարազով: Ան պատմական թշնամութիւն ունի հայոց, յոյներու, արաբներու եւ քիւրտերու դէմ…:
Հեղինակը կոչ կ’ուղղէ արաբական երկիրներուն արթուն գտնուելու՝ Թուրքիոյ նենգ դերին դիմաց եւ ստեղծելու միացեալ արաբական ռազմավարութիւն մը, ապա թէ ոչ շրջանը ամբողջ գահավէժն ի վար պիտի սուրայ (էջ 77), որ ինչպէս նշեցինք վերը այս գրքոյկին լոյս տեսնելէն նուազ քան երկու տասնամեակ ետք դժբախտաբար իրականացաւ, որուն ականատեսն ենք տակաւին Միջին Արեւելքի մէջ…:
«Յաւելուած» բաժինով (էջ 83-103) տրուած են շարք մը պատմական փաստաթուղթեր եւ քարտէսներ, որոնք կ’ամբողջացնեն գիրքին վաւերականութիւնն ու գիտականութիւնը, իսկ ամենավերջը զետեղուած է լուսանկար մը, ուր կ’երեւին Ա.Մ.Ն.ի տխրահռչակ նախկին արտաքին գործոց նախարարներէն սիոնիստ Հենրի Քիսինճըր, Թուրքիոյ նախկին նախագահներէն Թուրկութ Օզալ եւ Իսրայէլի այն ատենուայ պաշտօնատարներէն Տէյվիտ Լեվի իրար ձեռք սեղմած, որ ամէն ինչ յստակ կը դարձնէ: Նշենք որ այս եռեակ հանդիպումը կայացած էր Թուրքիոյ մէջ 1992ին, Սպանիայէն 1492ին հրեաներու արտաքսման եւ Օսմանեան պետութեան կողմէ անոնց ընդունման հիգհարիւր ամեակին առիթով, որ կեղծաւորաբար լաւապէս շահագործուած է Թուրքիոյ յաջորդական ղեկավարութեանց կողմէ:
Դոկտ. Սալէհ Զարէտտին այս գրքոյկը հրատարակելով մեծ դերակատարութիւն ունեցած է այդ ժամանակ արաբ ընթերցողին ծանօթանելու Թուրքիոյ իսկական դէմքը, որ անուղղակի նպաստած է նաեւ անոնց կողմէ ատենի հայկական իրականութեան ըմբռնման՝ Հայ Դատի եւ Արցախի պահանջատիրական պայքարի լոյսին տակ:
Գնահատանքի արժանի հեղինակէն արժէքաւոր գործ մըն ալ այս մէկը: