Պոլսոյ Ֆերիքէօյ շրջանի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պոլսահայ մը պոյքոթած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ վերանշանակուած Արամ արք. Աթեշեանի եկեղեցական քարոզը` չարտօնելով, որ զայն սկսի:
«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Աթեշեան արքեպիսկոպոսը քարոզը կրցած է շարունակել միայն թրքական ոստիկանութեան միջամտութենէն ետք:
Պոլսաբնակ սասունցի գրող Պեսսէ Քապաք Աթեշեանի քարոզին սկսելուն պէս իր բողոքը արտայայտած է եկեղեցւոյ մէջ ոտքի կանգնելով եւ բարձր աղօթելով: Աթեշեան պահանջած է դուրս հանել Քապաքը` քարոզը սկսելու համար:
Եկեղեցւոյ դռներուն մօտ Պեսսէ Քապաքը թուրք ոստիկաններու կողմէ նստեցուած է ինքնաշարժ եւ տարուած ոստիկանատուն: Անոր փոխանցումով` թուրք ոստիկանները սպասցուցած են զինք մինչեւ Աթեշեանի քարոզին աւարտը եւ զինք ազատ արձակած` ըսելով. «Մեր հիւրն էք»:
Պոլսահայ գրողը նախապէս եւս պոյքոթած էր Աթեշեանը Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ` անոր քարոզին ժամանակ բարձրացնելով Աւետարանը` այսպիսով Աթեշեանին կոչ ուղղելով գործելու քրիստոնեայի վայել կերպով: