Հայաստաանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ թշնամին օդային եւ ցամաքային ուժերով կը հարուածէ Արցախի բանակին հիւսիսային դիրքերը:
Յարձակումին կ’օգտագործուին թրքական արտադրութեան անօդաչու թռիչքային սարքեր: Իսկ թրքական F -16 կործանիչներ, առանց մուտք գործելու հայկական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու հակակշիռին տակ, հեռուէն կը վերահսկեն յարձակումի գործողութիւնները, կիրառելով օդ-ցամաք հեռահար հրթիռներ:
Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ արձանագրուած են օդաչուներուն թրքերէնով խօսակցութիւնները: