ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Նախագահ Թրամփի` ազգային ապահովութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն հոկտեմբերին այցելեց Ռուսիա, Ազրպէյճան, Հայաստան եւ Վրաստան` ներկայացնելով Սպիտակ տան դիրքորոշումը տարածաշրջանային եւ միջազգային հարցերու վերաբերեալ: Պոլթընը ծանօթ է իբրեւ արտաքին կոշտ քաղաքականութեան կողմնակից եւ յաճախ կը բնութագրուի իբրեւ ռազմատենչ` իր ծայրայեղական դիրքորոշումներուն պատճառով…
Հայ պաշտօնեաներու հետ հանդիպումներու ընթացքին Պոլթընը խօսած է Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներուն մասին, որոնք կրնան ազդել երրորդ երկիրներու, անոնց շարքին` Հայաստանի վրայ: Ան նաեւ անակնկալ առաջարկ ըրած է Հայաստանին` ամերիկեան զէնքեր վաճառելու առումով, նաեւ քննարկած է հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ արցախեան հակամարտութեան լուծման հարցը:
Պարզ դարձաւ, որ Պոլթընը փորձած է Հայաստանը հեռացնել իր ռազմավարական դաշնակից Ռուսիայէն եւ առեւտրական հիմնական գործընկեր Իրանէն, քանի որ Հայաստանի հետ սահմանը շրջափակուած է դրացի Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ կողմէ:
Թէեւ շատ մը հայ մեկնաբաններ եւ յատկապէս ռուս պաշտօնեաներ լուրջ մտահոգութիւններ արտայայտեցին Պոլթընին առաջադրած քաղաքականութեան մասին, սակայն Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը զարմանալիօրէն լաւատես էր եւ ըսաւ Հայաստանի խորհրդարանին. «Ես հանդիպած եմ Պոլթընին հետ: Այդ հանդիպման ընթացքին նոյնիսկ նուազագոյն երանգ չէ եղած, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մէջ անհանգստութիւն յառաջացնէ: Ես այս հանդիպումը կը նկատեմ մեզի համար դիւանագիտական մեծ նուաճում, հետագային կ՛ըսեմ, թէ ի՛նչ է պատճառը, որ ես այսպէս կ՛արտայայտուիմ»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեանը աւելցուց. «Պոլթընին հետ երկխօսութիւնը շատ յաջող էր, եւ Միացեալ Նահանգները հասկցած էին Ռուսիոյ Դաշնութեան, Իրանի հետ մեր յարաբերութիւններու տրամաբանութիւնը, մեր դիրքորոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի հարցի մասին, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու վերաբերեալ, եւ այլն»:
Դրական գնահատելով իր հանդիպումները Հայաստանի մէջ` Պոլթընը գրառում մը կատարած է Թուիթըրի իր էջին մէջ.«Երէկ ես հիանալի այցելութիւն մը տուի Հայաստան, որ կարեւոր գործընկեր մըն է տարածաշրջանին մէջ: Ես բաւականութիւն ստացայ Հայաստանի վարչապետին [պաշտօնակատարի] եւ իր ազգային ապահովութեան խումբին հետ ունեցած արդիւնաւէտ խօսակցութենէն»:
Հակառակ Միացեալ Նահանգների եւ Ռուսիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւններուն` Հայաստան պէտք է պահպանէ նուրբ հաւասարակշռութիւն, երկու գերտէրութիւններու միջեւ: Մէկ կողմէ Հայաստան կ՛ապաւինի Ռուսիոյ` իր կարեւորագոյն կարիքներուն համար, այսինքն` զէնքի, ուժանիւթի եւ առեւտուրի կապուած, եւ, հետեւաբար, չի կրնար ինքնիրեն թոյլ տալ, որ թշնամանայ իր ռազմավարական դաշնակիցին դէմ, միւս կողմէ` Հայաստան բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատած է բազմաթիւ այլ երկիրներու, մասնաւորաբար Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգների հետ:
Զէնքի Վաճառքի Առաջարկ` Հայաստանի
Պոլթընը զարմացուց իր հայ հիւրընկալողները` անոնց առաջարկելով գնել ամերիկեան զէնք եւ յայտարարելով, որ այդ զէնքերը կը գերազանցեն ռուսականը: Այսուամենայնիւ, ան չնշեց, թէ սնանկացած Հայաստան ի՛նչ միջոցներով պիտի կարենայ վճարել զինամթերքին գինը: Ինչպէս գիտենք, Ռուսիա Հայաստանի զինամթերքի մեծ մասը կը մատակարարէ կա՛մ վարկեր տրամադրելով, կա՛մ զեղչուած գիներով: Փաշինեանը արձագանգեց` նշելով, որ Հայաստան պիտի քննարկէ ամերիկեան առաջարկը, մինչդեռ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Դաւիթ Տօնոյեանը NEWS.am կայքին ըսաւ, որ այս պահուն ամերիկեան զինամթերք գնելու կարիք չկայ:
Ամերիկեան զէնք ձեռք բերելով` Հայաստան ռիսքի կը դիմէ` թշնամացնելով Ռուսիան, որ իր զինամթերքի հիմնական աղբիւրն է: Երկրորդ, Միացեալ Նահանգներ կրնան Հայաստանին ըրած իրենց առաջարկը օգտագործել` քողարկելու համար իրականութիւնը` միլիառաւոր տոլար արժողութեամբ ժամանակակից զէնք ծախելու Ազրպէյճանին: Մինչ Ազրպէյճան ունի կարողութիւնը ամերիկեան զէնք գնելու, իսկ Հայաստան` ո՛չ:
Պոլթընին միւս անտրամաբանական յայտարարութիւնը այն էր, որ ռուսական զէնքի վաճառքը Հայաստանին եւ Ազրպէյճանի, արցախեան հակամարտութեան լուծման համար խոչընդոտ հանդիսացած է: Ծիծաղելի է, որ սա նոյն այն բանն է, ինչ որ ներկայացուցած է Պոլթընը` առաջարկելով ամերիկեան զէնք վաճառել երկու երկիրներուն: Իմ կարծիքով, Միացեալ Նահանգներ եւ միւս բոլոր երկիրները պէտք է զերծ մնան ե՛ւ Հայաստանի, ե՛ւ Ազրպէյճանի զէնք ծախելու փորձութենէն… Պատերազմական գօտիի մէջ երկուստեք յաւելեալ զէնք լեցնելը երկու կողմերուն համար ալ կրնայ յանգեցնել միայն բռնութիւններու եւ մահերու թիւի բարձրացման:
Հայ-Իրանական Յարաբերութիւններ
Ի պատասխան Պոլթընի այն յայտարարութեան, որ Միացեալ Նահանգներ «խիստ աշխուժօրէն» պատժամիջոցներ պիտի կիրարկեն Իրանի դէմ, եւ այդ պատճառով հայ-իրանական սահմանը «պիտի դառնայ հիմնահարց», Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան իբրեւ դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւն` դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի դրացիներէն ո՛չ Թուրքիոյ, ո՛չ ալ Ազրպէյճանի հետ, ուստի ան պէտք է «յատուկ յարաբերութիւններ» պահպանէ իր միւս երկու դրացիներուն` Իրանի եւ Վրաստանի հետ, որոնք Հայաստանի միակ «դարպասներ»-ն են դէպի արտաքին աշխարհ: Փաշինեանը լաւատեսօրէն ըսաւ հայոց խորհրդարանին. «Ես կը կարծեմ, որ Հայաստանի դիրքորոշումը յստակ էր, հասկնալի եւ նոյնիսկ ընդունելի` ամերիկեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն համար»:
Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու փոխարէն, որ խզէ իր առեւտրական կարեւոր յարաբերութիւնները Իրանի հետ, Միացեալ Նահանգները պէտք է յորդորել, որ ճնշում գործադրեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վրայ` բանալու համար իրենց սահմանները Հայաստանի հետ, որպէսզի Հայաստան կարենայ աւելի հեզասահ կերպով առեւտուր ընել իր չորս դրացիներուն հետ: Փաշինեան ճիշդ մատնանշեց, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի իր ազգային շահերը, որոնք միշտ չէ, որ կը համընկնին այլ երկիրներու շահերուն հետ: Իմ կարծիքով, Միացեալ Նահանգներ իրաւունք չունին պահանջելու երրորդ երկիրներէն, որ գործադրեն իրենց սխալ պատժամիջոցները Իրանի դէմ: Աւելի՛ն. քանի որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիան կ՛ազատեն Իրանի նկատմամբ Միացեալ Նահանգների պատժամիջոցները կիրարկելէ, ապա ինչո՞ւ պէտք չէ Հայաստանը եւս զերծ ըլլայ այդ պատժամիջոցներու կիրարկումէն: Բացի այդ, Պոլթընը խոստովանեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներ չեն ուզեր «վնաս հասցնել մեր բարեկամներուն, այս գործընթացին մէջ»:
Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններ
Պոլթընը յայտարարեց, որ արցախեան հիմնահարցին լուծումը կ՛օգնէ Հայաստանին` բանալու Թուրքիոյ հետ սահմանը: Փաշինեանը արձագանգեց` նշելով, որ Հայաստան պատրաստ է յարաբերութիւններ հաստատելու եւ բաց սահմաններ ունենալու Թուրքիոյ հետ, սակայն` առանց նախապայմաններու, զորս Թուրքիա փորձած է պարտադրել` սահմանին բացումը կապելով արցախեան հակամարտութեան հետ: Թուրքիոյ նախապայմանին հակազդելու համար ես կ՛առաջարկեմ, որ Հայաստան դնէ իր նախապայմանը` սահմանի բացումը կապելով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետ…
Արցախեան Հակամարտութեան Կարգաւորում
Պոլթընը կ՛ենթադրէ, որ դեկտեմբեր 9-ին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին կը սպասուի, որ Փաշինեանին կուսակցութիւնը կազմէ մեծամասնութիւն, բաւականին ուժեղ յանձնարարութիւն կու տայ անոր` արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ որոշիչ քայլերու ձեռնարկելու համար: Կարծես թէ Պոլթընը ծանօթ չէ Փաշինեանի յաճախակի յայտարարութիւններուն, ըստ որոնց` «Ղարաբաղի հարցը լուծող-չլուծողը հայ ժողովուրդն է, եւ յստակօրէն` Հայաստանի ժողովուրդը, Արցախի ժողովուրդը եւ տուեալ պարագային` նաեւ Սփիւռքը, որովհետեւ ասիկա համահայկական հարց է»:
Քանի որ Հայաստան կանգնած է ներքին եւ արտաքին անորոշութիւններու առջեւ, հրամայականը այն է, որ աշխարհի բոլոր հայերը պաշտպանեն իրենց հայրենիքը եւ ուժերը միացնեն իրենց ընդհանրական հակառակորդներուն դէմ…
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ