ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ Շիշլի շրջանի մեթրոյի կայարանէն 8 Դեկտեմբերին անհետացած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփի անունը, որ տեղադրուած էր կայարանին մօտերը գտնուող «Թրամփ» շուկային վայրը յուշող ցուցանակներուն վրայ։ Կը կարծուի, որ այս քայլը մաս կը կազմէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու Թրամփի որոշումին դէմ բողոքի քայերուն։
Նշենք, որ 2012-ին տեղի ունեցած այս հսկայական առեւտուրի կեդրոնի բացման մասնակցած էր այն օրերու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, որ այժմ Թրամփի առած քայլը ամենասուր քննադատողներէն մէկն է: