ՀԱՆՈՅ, «Ազատութիւն».- Հակառակ այն իրողութեան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ անցեալ տարի իսկ յայտարարած էր, թէ կարելի է լուծուած համարել Հիւսիսային Քորէան ապահիւլէականացնելու հարցը, 28 Փետրուարին ան երկրորդ անգամն ըլլալով ձախողեցաւ իր այդ փորձին մէջ։
Արդարեւ, Հիւսիսային Քորէայի իր պաշտօնակից Քիմ Ճոնկ Ունի հետ Վիեթնամի մէջ ունեցած հանդիպման աւարտին, Թրամփ ընդունեց, թէ կարելի պիտի չըլլայ համաձայնութեան փաստաթուղթ մը ստորագրել, հակառակ անոր, որ արարողութեան նախապատրաստութիւնները կատարուած էին:
Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ հիմնական տարակարծութիւնը եղած է Հիւսիսային Քորէայի դէմ պարտադրուած պատժամիջոցները վերցնելու հարցին շուրջ: Ուաշինկթըն մերժած է պատժամիջոցները ամբողջութեամբ վերցնելու Փիոնկեանկի պահանջը, վերջակէտ մը դնելով երկօրեայ բանակցութիւններուն:
Ըստ Թրամփի՝ Քիմ վստահեցուցած է իրեն, թէ պիտի շարունակէ ապահիւլէականացման ուղղուած քայլերը եւ հրթիռային նոր փորձներ պիտի չկատարէ, որուն դիմաց Ամերիկա պիտի շարունակէ յարգել Հարաւային Քորէայի հետ միացեալ ռազմափորձեր չկատարելու խոստումը։
Միւս կողմէ, Թրամփ յայտնեց, թէ կը հաւատայ Քիմի այն պնդումին, թէ ինք տեղեկութիւններ չէ ունեցած 2017ին Միացեալ Նահանգներու յանձնուելէն կարճ ժամանակ ետք մահացած ամերիկացի ուսանողի հարցէն։
Նշենք, որ Հիւսիսային Քորէայի մէջ բանտարկուած մնալէ ետք, ուսանողը մահաքունի մէջ մտած էր, ապա յանձնուած էր ամերիկացիներուն։ Յիշեցնենք, որ Թրամփ Ռուսիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ ղեկավարներուն վերագրուած յանցագործութիւններուն գծով եւս հաւաստի գտած էր անոնց հերքումները։