«Քալիֆորնիա Քուրիեր» (www.TheCaliforniaCourier.com) թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Յարութ Սասունեան կը գրէ .
Վերջին բանը, որ այս օրերուն անհրաժեշտ է վիճահարոյց նախագահական թեկնածու Տոնալտ Թրամփին` եւս մէկ բանավէճն է: Միւս կողմէն, Թրամփ երբեք չէ խուսափած բանավէճերէ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ողջունէ իւրաքանչիւր ծանուցում` դրական թէ բացասական, քանի դեռ անոր անունը կը յայտնուի խորագիրներու մէջ:
Թրամփ իր հանրածանօթ անուան եւ անմիջականութեան շնորհիւ կը գլխաւորէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի 17 հանրապետական թեկնածուներու մեծ դաշտը` ըստ վերջին պաշտօնական հարցումներուն:
Քանի մը տարի առաջ, երբ Թրամփ համաձայնեցաւ իր անունը տալ հիւրանոցի մը Ատրպէյճանի մէջ, ան չէր կրնար կանխատեսել, որ շփումը Պաքուի տխրահռչակ մեծահարուստ պաշտօնեայի հետ ոչ միայն բացասաբար պիտի անդրադառնայ իր քաղաքական յաւակնութիւններուն վրայ, այլեւ պիտի ստեղծէ շահերու լուրջ բախում, եթէ ան դառնայ նախագահ:
Հակառակ անոր, որ հիւրանոցը պիտի կրէ իր անունը, սակայն Թրամփ Trump International Hotel & Tower Baku-ի ոչ կառուցողն է, ոչ ալ սեփականատէրը: Այնուամենայնիւ, ան կը վաստակի «Կառավարման շահութաբեր վճարներ իր անունն ու փորձը այս նախագիծին տալու համար», ըստ Ռաս Չոմայի քննադատական յօդուածին, որ անցեալ շաբաթ հրապարակուեցաւ Mother Jones ամսագիրին մէջ` «Տոնալտ Թրամփ գործարարութիւն կ՝ընէ վիճահարոյց ատրպէյճանցի մեծահարուստ պաշտօնեայի հետ» խորագիրով:
Վերջերս Թրամփի ներկայացուցած նիւթական յայտարարագրէն, որ կը պահանջուի նախագահական թեկնածուներէն, պարզուած է, որ 2014 թուականին անոր ընկերութիւնը 2.5 միլիոն տոլար ստացած Պաքուէն, թէեւ հիւրանոցի բացումը նախատեսուած է այս տարուան վերջը: Թրամփ իր ընդհանուր հարստութիւնը կը գնահատէ աւելի քան 10 միլիառ տոլար:
Չոման կը հաղորդէ, որ «Այս գործարքին մէջ Թրամփի գործընկերն է Անար Մամետովը, 34-ամեայ միլիառատէր «Փլէյպոյ» մը, որուն հայրը Ատրպէյճանի փոխադրամիջոցի նախարարն է»: Յօդուածագիրը այնուհետեւ կը մէջբերէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան քանի մը խոշոր կազմակերպութիւններու անուն, որոնք Ատրպէյճանը կը նկարագրեն իբրեւ «աշխարհի առաւել զսպողական եւ կաշառակեր երկիրներէն մէկը` այլախոհութեան նկատմամբ վարչաձեւի անհանդուրժողականութեան եւ քաղաքական վերնախաւի ու անոնց ընտանիքներու ձեռքին մէջ խիստ կեդրոնացած հարստութեան համար»:
Մամետովի կարողութիւնը, ըստ լուրերու, կը կազմէ 1 միլիառ տոլար, եւ ան «Գարանտ» ընկերութեան նախագահն է, «Թրամփ թաուըր»-ի կառուցողն ու սեփականատէրը: Անոր հայրը` Զիյա Մամետովը, սերտ յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի բռնակալ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ:
Չոմայի յօդուածէն հայերուն համար առաւել էականը այն է, որ Անար Մամետովը «կը ղեկավարէ Ատրպէյճանա-ամերիկեան դաշինքը, եւ ԱՄՆ արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ ժամանակ մը արձանագրուած էր իբրեւ օտարերկրեայ լոպպիստ: Անցեալ տարի Դաշինքը աւելի քան 2.8 միլիոն տոլար ծախսեց լոպպիստական գործունէութեան վրայ` Քոնկրէսի եւ Պետական բաժանմունքի մէջ ԱՄՆ-ատրպէյճան կապերը բարելաւելու համար»:
Ըստ OpenSecrets.org-ի` Դաշինքը վերջին չորս տարիներուն ընթացքին ծախսած է 11.5 միլիոն տոլար ԱՄՆ օրէնսդիրներու եւ պաշտօնատար անձանց լոպպինկի վրայ: Չոման բացայայտած է, որ «2011 թուականին Մամետովը, ըստ ԱՄՆ օտարերկրեայ գործակալներու արձանագրութեան ակտի, անձամբ արձանագրուած է` Դաշինքի հետ իր աշխատանքին առիթով: Չնայած Մամետովը դեռ պատուաւոր տեղ կը գրաւէ կազմակերպութեան կայքին մէջ, ան այլեւս նշուած չէ իբրեւ օտարերկեայ լոպպիստ: Սակայն կը թուի, թէ ան դեռ շատ շահագրգռուած է հզօր ամերիկեան քաղաքական գործիչները սիրաշահելու գործով: Մամետովի անձնական կայքին մէջ կ՝երեւի խումբի անցեալ տարուան Նոյեմբերին կայացած ուաշինկթընեան շռայլ տօնախմբութեան նկարագրութիւնը, որուն կազմակերպիչը ան էր: Ձեռնարկին ներկայ եղած են ծերակուտականներ Չաք Շումերը, Ռիչըրտ Պըրը, Մարք Փրայորը, Մարք Ուորնըրը եւ զոյգ կուսակցութիւններու բազմաթիւ անդամներ Ներկայացուցիչներու պալատէն…. Մամետովի Facebook-ի էջը լի է գործարարի լուսանկարներով այլ քաղաքական գործիչներու հետ, ներառեալ Ներկայացուցիչներու պալատի խօսնակ Ճոն Պէյնըրի»:
Տոնալտ Թրամփ հպարտութեամբ յայտարարեց, որ Trump International Hotel & Tower Baku-ն «կը ներկայացնէ «Թրամփ» կազմակերպութեան կատարելութեան անսասան չափանիշը եւ մեր ներգրաւուածութիւնը միայն լաւագոյն համաշխարհային զարգացման ծրագիրներուն մէջ: Երբ 2015 թուականին բաժինք զայն, այցելուները եւ բնակիչները կը վայելեն շքեղ կառոյց մը, որուն նմանը չկայ Պաքուի մէջ. անիկա լաւագոյնններէն մէկը պիտի ըլլայ ամբողջ աշխարհի մէջ»:
Վերջերս Պաքու կատարած այցելութեան ժամանակ Իւանգա Թրամփը արձագանգեց իր հօր վստահութիւնը հիւրանոցի նախագիծի յաջողութեան մէջ. «Այս աներեւակայելի շէնքը կ՝արտացոլէ ամենաբարձր մակարդակի շքեղութիւն եւ նրբաճաշակութիւն, Կասպից ծովով ներշնչուած բացառիկ ճարտարապետութեամբ եւ վայելուչ ներքնամասով, որոնք դիւրահոս ձեւով կը համադրեն ժամանակակից ոճը յաւէրժական հմայքի հետ: Անհամբեր կը սպասենք մեր անզուգական «Թրամփ»-ի ծառայութիւններն ու յարմարութիւնները Ատրպէյճան բերելուն»:
Պաքուի «Թրամփ թաուր»-ը 33 յարկանի է եւ ունի առագաստանաւի տեսք: Անիկա կը ներառէ 75 շքեղ յարկաբաժին, 190 համար, սբա եւ ֆիթնես կեդրոններ, փակ լողաւազան, գործարար կեդրոն, պարասրահ, խանութներ, ճաշարան` շրջապատուած այգիներով, զբօսավայրերով եւ շատրուաններով:
Տոնալտ Թրամփ, ընկերակցելով կեղեքիչ վարչակարգի կասկածելի գործարարներու հետ, դրամի սիրոյն կը վտանգէ իր վարկը նախագահական ընտրութիւններու ամենաեռուն շրջանին…
Թարգմանութիւնը կատարեց Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը