Պոլսահայ լեզուաբան եւ լրագրող Սեւան Նշանեան 13.5 ամսուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ՝ Մուհամմէտ մարգարէն վարկաբակելու յանցանքով: Նշանեան առիթ պիտի ունենայ բողոքելու վճիռին դէմ, սակայն չի կրնար վճարել փրկագին:
Աւելի կանուխ, նոյն մեղադրանքով քրէական հետապնդում մը սկսած էր յայտնի թուրք դաշնակահար Ֆազիլ Սայի նկատմամբ, սակայն ան փրկագին վճարելով, կրցած էր խուսափիլ բանտարկութենէն:
Նշանեանի դէմ դատ բացուած էր «ժողովուրդի մէկ մասին կրօնական արժէքները վիրաւորելու» մեղադրանքով, եւ անոր համար կը պահանջուէր մինչեւ 1.5 տարուան բանտարկութիւն: Նշանեանի գրած հետեւեալ տողերը վիրաւորանք կը համարուին Մուհամմէտ մարգարէին.« Ասկէ հարիւրաւոր տարիներ առաջ ապրած, Աստուծոյ հետ կապի մէջ ըլլալը պնդած եւ անկէ քաղաքական, նիւթական եւ սեռական շահեր ապահոված արաբ ղեկավարի մասին գրելը ատելութիւն սերմանող յանցանք չէ»:
Սեւան Նշանեանի սոյն արտայայտութեան դէմ անցնող Մարտին բողոքած էր 15 քաղաքացի՝ պնդելով, թէ Նշանեան իր արտայայտութիւններով վիրաւորած էր Մուհամմէտ մարգարէի վարկը:
Նշանեան անհիմն կը համարէ իր հասցէին կատարուած մեղադրանքը եւ անոր մէջ կը տեսնէ կառավարութեան միջամտութիւնը: