Թուրքիոյ մէջ օրէ օր խորացող տնտեսական ճգնաժամը, թրքական դրամանիշի մրցանշային անկումն ու գիներու սրընթաց աճը պատճառ դարձան, որ հազարաւոր քաղաքացիներ փողոց իջնեն` պահանջելով Էրտողանի կառավարութեան հրաժարականը:
Երէկ եւ նախանցեալ օր Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքներուն` Անգարայի, Պոլսոյ, Իզմիրի եւ այլ շրջաններու մէջ մարդաշատ ցոյցեր տեղի ունեցան: Բողոքի ցոյցերուն միացան նաեւ մեծաթիւ երիտասարդներ եւ համալսարանականներ:
Պոլսոյ Թաքսիմի հրապարակի մերձակայքը եւ քաղաքի կեդրոնական շարք մը թաղամասերուն մէջ ցուցարարները կաթսաներով ու դգալներով իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցին իշխանութեան վարած տնտեսական քաղաքականութեան դէմ: Ցուցարարներ նաեւ հաւաքուեցան Կեդրոնական դրամատան Պոլսոյ մասնաշէնքին մօտ եւ իշխանութիւնները մեղադրեցին երկիրը սնանկացնելու յանցանքով:
Տնտեսական անկման լոյսին տակ թրքական ընդդիմութիւնը կոչ ուղղեց արտահերթ ընտրութիւն կատարելու: Էրտողան, սակայն, 23 նոյեմբերին հակադարձեց` շեշտելով, որ նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ըստ ժամանակացոյցի` 2023 թուականի յունիսին:
Այնուհանդերձ, թրքական մամուլը կը գրէ, թէ տնտեսական ճգնաժամին զուգընթաց նախագահին եւ անոր վարչակարգին հեղինակութեան անկումը ընդդիմութեան համար համախմբուելու լաւ կարելիութիւն է: