ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները կը շարունակեն չափազանց լարուած մնալ, եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ կիրառուած պատժամիջոցներուն իբրեւ հետեւանք՝ թրքական լիրան Օգոստոս 13ին շարունակեց արժեզրկուիլ: Օգոստոս 13ի դրութեամբ, 1 տոլարը սկսած է մօտաւորապէս 7 լիրայով փոխանակուելու՝ մինչեւ 7.23 լիրայի բարձրանալէ ետք, լիրայի յաւելեալ անկումի մը առաջքը առնելու նպատակով կեդրոնական դրամատան միջամութիւններէն ետք։
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ «Թուրքիոյ դէմ Միացեալ Նահանգներու որդեգրած միակողմանի քայլերը միա՛յն Ամերիկայի շահերուն կը վնասեն», եւ աւելցուց. «Եթէ ամերիկացի պաշտօնատարները այդ միակողմանի եւ վնաս հասցնող վարուելակերպը չփոխեն՝ Թուրքիա պիտի սկսի նոր դաշնակիցներու փնտռտուքի»: Ան նաեւ նշեց, որ ամերիկացի պատուելի Էնտրու Պրանսընի հարցով սպառնալիքներ ուղղելու Ուաշինկթընի որոշումը՝ «անընդունելի էր ու անտրամաբանական, եւ ի վերջոյ վնաս պատճառեց մեր երկարատեւ բարեկամութեան»:
Ան նաեւ իր երկրին դէմ «տնտեսական պատերազմ» յայտարարելու յանցանքով ամբաստանեց Ուաշինկթընը՝ յիշեցնելով, որ այս տարուան Յուլիս 15էն առաջ տոլարը միայն 2.8 լիրա կ՛արժէր։
Իր կարգին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Համի Աքսոյ յայտարարեց, թէ Թուրքիա պիտի պատասխանէ թրքական մետաղներ Ամերիկա ներածելուն վրայ նոր մաքսատուրքեր սահմանելու մասին Միացեալ Նահանգներու որոշումին:
«Թուրքիոյ դէմ ձեռնարկուած բոլոր քայլերը, նախկինին նման, պիտի ստանան իրենց արժանի պատասխանը», յայտարարեց Աքսոյ՝ Միացեալ Նահանգները մեղադրելով Առեւտուրի համաշխարհային կազմակերպութեան կանոնները անտեսելու յանցանքով:
Աքսոյ ընդգծեց սակայն, որ Թուրքիա պիտի պահպանէ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները՝ յոյս յայտնելով, որ կարելի պիտի ըլլայ երկխօսութեան ճամբով լուծել տարակարծութիւնները։