“Հայերն Այսօր”-ի տեղակացմամբ արաբ լրագրող Աթա Տարղամ հարցազրոյց մը ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին , Գահիրէի համալսարանի հայկական ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի անդամ եւ արաբերէն լեզուով հայկական Արեգ թերթի խմբագրութեան քարտուղար` Տիար Ալի Թապըթ Ալմարիի հետ:
-Թրքական կառավարութիւնը ինչու կը մերժէ ընդունիլ Հայոց ցղասպանոթիւնը
Թրքական պետութիւնը չունի այն քաջութիւնը ճանչնալու զայն, քանի որ ան առգրաւուած է հայերու ունեցուածքը, մտավախութիւն ունենալով հատուցելու զանոնք:
–Իսկ ինչ կը կարծէք, այս հարցին հանդէպ Թուրքիոյ դիրքորոշումը կրնայ արգելք հանդիսանալ, անոր Եւրոմիութիւն միանալուն:
Հայոց ցեղասպանութեան հարցը եղած է առաջնակարգ տեղ ունեցող հարց մը եւրոմիութեան համար, նոյնիսկ Թուրքիոյ ներկայիս քաղաքականութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ պարտադրեց եւրոմիութեան վերանայելու անոր միութիւն միանալու հարցին:
–Ինչ է ձեր կածիքը Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին աշխարհի կողմէ ընդունուելու մասին:
Մինչեւ այսօր 24 պետութիւն ընդունած է Հայոց ցեղասպանութիւնը մէջը ըլլալով արաբական երկիր մը` Լիբանանը, նկատելէ է նաեւ , որ շատ ժողովուրդներու մօտ հետաքրքրութիւն յառաջացած է հայերուն հանդէպ 1915-ի կատարուածին մոլեռանդ թուրքերու կողմէ:
–Իսկ ինչ գիտական եւ տեղեկատուական աշխատանք կը տանիք հայերու բնաջնջումը ճանաչելի դարձնելու համար:
Մասնակցած եմ քանի մը ուսումնասիրութիւններու հայոց հարցի շուրջ, ունիմ նաեւ նոր աշխատութիւն մը (Մեծն Բրիտանեան եւ հայոց հարցը Օսմանեան պետութեան մէջ 1878-1896) ինչպէս նաեւ մասնակցած եմ դոկտ. Մուհամէտ Ռիֆաթին հետ քանի մը հեռուստահաղորդումներու նուիրուած այս հարցին: