Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտարարեց, թէ երեքշաբթի, 29 սեպտեմբեր 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10.0-ին, Թուրքիոյ պատկանող F-16 կործանիչներ, Ազրպէյճանի «Գյանճա» օդակայանէն թռիչք առնելով, ապահոված են Ազրպէյճանի «Դալար» օդակայանէն Վարդենիսի շրջանի Վարդենիս, Մեծ Մասրիք, Սոթք շրջաններուն բնակելի վայրերը եւ հայկական ցամաքային ուժերուն ուղղութեամբ ազերիական SU-25, թրքական արտադրութեան «Պայրաքտար» եւ անմարդ օդային սարքերուն յարձակումները:
Օդային ճակատումներու ընթացքին թրքական F-16 կործանիչ մը յաջողած է խոցել հայկական ուժերուն պատկան SU-25 օդանաւ մը, որուն օդաչուն հերոսաբար նահատակուած է:
Միւս կոմէ, Արցախի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ վերջին երեք ժամերուն,ռազմաճակատի վրայ բախումներուն ընթացքին, հայկական ուժերը 12 հրասայլ չէզոքացուց են: Հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ կը ճշդէ մնացեալ կորուստները: