Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի պետական ընկերութիւնը (TRT) աշխատանքէն հեռացուց համացանցի վրայ լայն տարածում գտած.« Ազրպէյճանը յարձակած է խաղաղ բնակչութեան վրայ» խորագիրը պատրաստած աշխատակիցը:
Սոյն լրատուութիւնը մեծ աղմուկ բարձրացուց թրքական մամուլին եւ ընկերային ցանցերուն մէջ:
Ընկերութեան խմբագիրը Մեհմէտ Քարաջան ներողութիւն խնդրեց՝ ըսելով.« Այս իմ անփոյթ քայլով դժուար դրութեան մէջ դրի իմ հեռատեսիլի ընկերութիւնը, որուն համար ներողութիւն կը խնդրեմ հանրութենէն»: