Սուրիոյ քիմիական զէնքերուն վերաբերեալ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի նախաձեռնութիւնը, դիւանագիտական յաղթանակ կը խոստանայ հակամարտութեան գլխաւոր կողմերուն: Միացեալ Նահանգներ եւ յատկապէս անոր նախագահը՝ Պարաք Օպամա պիտի խուսափի Սուրիոյ դէմ ապաժողովրդական արկածախնդրութեան մը պատասխանատուութենէն: Ռուսիա՝աւելի ազդու պիտի դարձնէ Միջին Արեւելքի մէջ իր ներկայութիւնը: Նախագահ Պաշշար Ասատ կրնայ փրկուիլ սուրիական բանակը իսպառ քայքայելու սպառնալիքէն, իսկ ծայրայեղական հոսանքները աստիճանաբար պիտի զրկուին Արեւմուտքի ռազմական օժանդակութիւններէն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը եւ արեւմտեան պետութիւններու այլ նախագահներ սկսած են համոզուիլ, թէ Միջին Արեւելքի այսպէս կոչուած արաբական գարնան վերիվայրումներուն մէջ, ազդեցութեան սահմանափակ տեղ վերապահուած է անոնց: Տասնամեակ մը առաջ, Ուաշինկթըն եւ արեւմտեան մայրաքաղաքներ հիմնականը իրենք է, որ կը նախագծէին Միջին Արեւելքի քաղաքականութիւնը: Այս Իրականութեան հետ հաշտուելով նախագահ Պարաք Օպամայի ընտրանքը ընդվզում յառաջացուցած է ոմանց մօտ: Անոնք մինչեւ երկչոտութեան եւ երկդիմի քայլերու մէջ կ’ամբաստանեն նախագահը: Սակայն խորքին մէջ, նախագահ Օպամայի «անվճռական» եւ « շփոթահար» վիճակը, Միացեալ Նահանգներու սահմանափակ դերակատարութեան իրողութիւնը գիտակցելու հետեւանք է: Իրաքի ձախող արկածախնդրութիւնը կը հալածէ արեւմտեան պետութիւնները: Իրաքեան պատերազմը ռազմապէս ձախողութիւն մը ըլլալու կողքին, հեղինակազրկեց մարդկային այդ արիւնալի ողբերգութեան հրահանգը արձակող բոլոր ղեկավարները: Այսօրուան արեւմտեան ղեկավարները կը խուսափին միեւնոյն տհաճ կացութեան մէջ գտնուելու կրկնութենէն:
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Գամերոն կը խորհէր, թէ դիւրաւ պիտի ստանար իր կառավարութեան հաւանութիւնը: Պահպանողական կուսակցութեան ղեկավարը ձախողեցաւ իր իսկ կուսակիցներուն ըննդիմացող ձայներուն պատճառով: Գամերոնին բացայայտօրէն ըսուեցաւ, թէ Բրիտանիոյ հանրային կարծիքը, պիտի չարտօնէ տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ դիմագրաւող երկիրը նոր պատերազմի մէջ մխրճել Միջին Արեւելքի մէջ: Մասամբ նոյն կացութեան մատնուեցան նախագահներ Օպաման եւ Հոլանտը: Անցեալին, արեւմտեան պետութիւններուն համար համեմատաբար աւելի դիւրին էր ընդհանուր յայտարար գտնել Միջին Արեւելքի շուրջ: Բոլորը կը փափաքէին կայունութիւն Միջին Արեւելքի մէջ՝ մեծամասնութիւնը կախեալ էր Միջին Արեւելքի նաւթէն: Այսօր փոխուած են շահադիտութեան հետաքրքրութիւնները:
Վերոյիշեալ բոլոր հանգամանքները աչքի առջեւ ունենալով, Ճոն Քերրի եւ Սերկէյ Լաւրով անկիւնադարձային համաձայնութիւն մը կնքեցին անցեալ Շաբաթ օր: Խորհրդաժողովը աւարտելէ անմիջապէս ետք, Քերրի ուղղուեցաւ Թել Աւիւ: Երէկ՝ Փարիզի մէջ, Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիման ընթացքին, Քերրի յստակօրէն ներկայացուց համաձայնութեան տուն տուող պատճառները: Մէկ բան յստակ է, որ կնքուած համաձայնութիւնը չի ներառներ միայն քիմիական զէնքերու թղթածրարը, այլ՝ համայն հակամարտութիւնը: Պատահական չէ, որ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Պան Քի Մուն, ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի կ’աճապարեն կազմակերպելու «Ժընեւ -2» խորհրդաժողովը:
Ժընեւի մէջ Շաբաթ օր կնքուած համաձայնագիրը կը վայելէ միջազգային ընտանիքին, հեղինակաւոր կառոյցներու հաւանութիւնը: Խոչընդոտելու փորձեր պիտի ըլլա՞ն…անկասկած: Սակայն համաձայնութիւն մը, որ կ’երաշխաւորէ դառնալ հակամարտութեան լուծման բանալին, միլիոնաւոր գաղթականներու տունդարձի յոյսը, վստահաբար պիտի չլքուի պատահականութեան: Սոյն համաձայնութեան առիթով, տողատակի կ’արժէ յիշատակել Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ ձիւնհալի փորձերը, որոնք շատ հաւանաբար պիտի պսակուին, Նիւ Եորքի մէջ կայանալիք ՄԱԿ-ի ընդհանուր Խորհրդաժողովի նիստերուն ընթացքին երկու երկիրներու նախագահներուն միջեւ հանդիպումով:
Սուրիոյ հակամարտութեան վերաբերեալ, Ժընեւի մէջ գոյացած Շաբաթ օրուան համաձայնութիւնը , ուսանելի բազմաթիւ դասեր կը փոխանցէ լիբանանեան բեմի քաղաքական հոսանքներուն: Գաղտնիք մը չէ, Սուրիոյ հակամարտութեան առաջին իսկ օրէն արտաքին դերակատարներ շահագործեցին լիբանանցիներու միջեւ ճեղքերը, ինչ բոյ՜թ, եթէ համայնայնքային անհանդուրժողութիւնը բանար քաղաքացիական նոր պատերազմի մը դուռը ..:
Ժամանակն է, որ երկրին ճակատագիրը իրենց մօտ պատանդ վերցուցած ուժերը գթան այս բազմաչարչար երկրին եւ անոր հէգ ժողովուրդին: Ժամանակն է, որ զգաստանան անոնք, հրաժարին այլոց գրաւներէն եւ փոխադարձ զիջումներով ՝ ամրապնդեն համախոհութեան ու համակեցութեան կամուրջները, կազմեն ազգային համախոհութեան կառավարութիւն: Արաբական գարնան անդրադարձը ծանր հետեւանքներ ունեցաւ լիբանանեան տնտեսութեան վրայ: Անոր վրայ աւելցաւ անհրաժեշտ բարեկարգութիւնները իրականացնելու անվճռակամութիւնը, տնտեսական վերականգնումի ծրագիրներուն հանդէպ անտարբերութիւնը: Բոլորը կը մոռնան, թէ ոչինչ աւելի ծանր հարուած կրնայ հասցնել տնտեսութեան, քան՝ անորոշութիւնը:
Սարսռազդեցիկ պիւտճէական բացը, քայքայուած ճարտարարուեստով եւ գործազուրկներու տուայտող բանակով, ընկերային եւ կենցաղային դժուարութիւններու մէջ խրած Լիբանանի նման երկիր մը, թոյլատրելի չէ, որ մնայ անդէմ, անդիմագիծ, օտար պետութեանց քմահաճութենէն կախեալ տարածութիւն:
Շաբաթ օրուան Ժընեւի համաձայնութիւնը՝ Սուրիոյ հակամարտութենէն հեռանալու զգաստութեան հրաւէր է լիբանանցիներուն: Վերադառնալ ազգային արմատներուն, Պաապտայի Յայտարարութեան եւ կազմելու ազգային միասնականութեան կառավարութիւն:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ