Երէկ ուշ գիշեր, Ժընեւի մէջ աւարտեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի անոր պաշտօնակիցին՝ Ճէյհուն Պայրամովի միջեւ հանդիպումը:
Եօթ ժամ երկարող բանակցութիւններու աւարտին՝ խաղաղ բնակչութեան եւ ոչ ռազմական դիրքեր չհարուածելու համաձայնութիւն մը գոյացաւ: Զինադադարի համաձայնութիւն չգոյացաւ:
Հանդիպումէն ետք, ԵԱՀԿ-ի Մինսկի համանախագահները ( Իկոր Փոփով՝ Ռուսիա, Սթեֆան Վիսքոնթի՝ Ֆրանսա եւ Էնտրու Շոֆեր՝ Մ. Նահանգներ) հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը:
Համանախագահները անգամ մը եւս զինադադար հաստատելու կոչ ուղղեցին կողմերուն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ռոպերթ Օպրայըն, Լոս Անճելըսի մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին առաջարկեց սքանտինաւեան երկիրներէն խաղաղապահներ տեղակայել Արցախի եւ Ազրպէյճանի սահմանագիծերուն երկարութեան վրայ: Օպրայըն դիտել տուաւ, որ ԵԱՀԿ Մինսկի համանախագահ երկիրները, ինչպէս նաեւ հակամարտութեան կից դրացի պետութիւնները մաս չեն կրնար կազմել խաղաղապահ ուժերուն:
Օպրայըն մաղթեց, որ հակամարտութեան կողմերը ընդունին սքանտինաւեան երկիրներէն խաաղապահներ տեղակայելու առաջարկը:
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիա յայտնեց, թէ Անվտանգութեան խորհուրդը հաւանաբար անգամ մը եւս քննարկէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: Դեսպանին կարծիքով, քննարկումը տեղի կրնայ ունենալ.«Երբ չբարելաւուի իրավիճակը»:
Նշենք, թէ Անվտանգութեան խորհուրդը 29 սեպտեմբերին դռնփակ նիստ մը գումարած էր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ներկայացուցիչներուն բացակայութեան: