Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Ժընեւի մէջ ունեցան 1,5 ժամ տեւողութեամբ հանդիպում մը, որ իր տեսակին մէջ երրորդն էր: Առաջինը տեղի ունեցած էր մայիս 2021-ին Ռէյքիավիքի մէջ` Բեւեռային խորհուրդի նախարարներու հանդիպումի ծիրին մէջ, իսկ երկրորդը դեկտեմբերին` 2021-ին` Սթոքհոլմի մէջ ԵԱՀԿ-ի նախարարական նիստի ծիրին մէջ:
Հանդիպումի աւարտին Լաւրով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ համաձայն գտնուած է յառաջիկայ շաբաթ Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու պահանջներուն վերաբերեալ գրաւոր պատասխան մը տալու:
Ան Պլինքընի հետ քննարկումները կոչեց «շինիչ, օգտակար», բայց եւ այնպէս մերժեց Ուաշինկթընի գրաւոր պատասխան տալու խոստումը նկատել դրական քայլ մը: «Չեմ կրնար ըսել, եթէ ճիշդ ուղիի վրայ ենք, թէ ոչ: Ատիկա կը գիտնանք, երբ ամերիկեան կողմի պատասխանները ստանանք»:
Լաւրով նշեց, որ իր ամերիկացի պաշտօնակիցը գոհ մնացած է կարծիքներու փոխանակումէն` աւելցնելով, որ ատիկա պիտի օգնէ անոնց յաջորդ շաբաթ գրաւոր արձագանգելու անվտանգութեան վերաբերեալ ռուսական առաջարկներուն:
Անոր համաձայն, Միացեալ Նահանգները Ժընեւի բանակցութիւններուն ընթացքին ընդունած է, որ Ռուսիան «իր սեփական տարածքին մէջ զէնք կը տեղակայէ»:
«Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս յիշեցնել բոլոր անոնց, որոնք կը զբաղին մեր դիրքորոշումին վերլուծութեամբ, որ Ռուսիան ոչ մէկ տեղ, ոչ մէկ անգամ սպառնացած է ուքրանացի ժողովուրդին: Նախագահ Զելենսքին, որուն մեր արեւմտեան գործընկերները թեւի տակ առած են եւ կը խնամեն` խրախուսելով որեւէ արարք, հրապարակաւ յայտարարած է, որ եթէ Ուքրանիոյ քաղաքացիներէն մէկը ինքզինք ռուս կը զգայ, թող Ռուսիա երթայ իսկ անոնց, որոնք Տոնպասի մէջ կը դիմակայեն Քիեւի վարչակարգի պետական ահաբեկչութեան, ան կոչած է ոչ թէ մարդ, այլ առանձնեակներ: Այդ պատճառով տակաւին մեծ հարց է` ո՛վ որու կը սպառնայ, եւ ինչի՛ կրնային վերածուիլ այդ սպառնալիքները: Ինչ կը վերաբերի դէպի Արեւելք ՕԹԱՆ-ի անվերջ ընդլայնումը դադրեցնելու մեր սկզբունքային մօտեցումին, մենք զայն, ի հարկէ, կրկնեցինք:
Պլինքըն Լաւրովի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Ուքրանիոյ սահմանին մէջ ռուսական զինեալ ուժերու որեւէ շարժում «վերանորոգ ներխուժում մը» պիտի ըլլայ եւ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն «արագ, խիստ ու միացեալ հակազդեցութեան» պիտի արժանանայ:
Պլինքըն հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ համաձայնած է յառաջիկայ շաբաթ Ռուսիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու պահանջներուն գրաւոր պատասխաններ ուղարկել:
«Անոր ըսի, որ յառաջիկայ օրերուն դաշնակիցներու եւ գործընկերներու հետ խորհրդակցութիւններէ ետք կը նախատեսենք, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի կարենանք Ռուսիոյ աւելի մանրամասնութեամբ յայտնել մեր մտահոգութիւններն ու գաղափարները, եւ համաձայնեցանք ատկէ ետք յաւելեալ քննարկումներ կատարել», ըսաւ Պլինքըն:
«Չէինք սպասեր, որ այսօր որեւէ բեկում արձանագրուի, սակայն կը հաւատամ, որ այժմ իրարու մտահոգութիւնները հասկնալու առումով աւելի յստակ ուղիի մը վրայ ենք», աւելցուց ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Աւելի ուշ Պլինքըն յատուկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Կարեւոր է յստակ յայտարարել, թէ ի՛նչ պիտի չընենք… Մենք պատրաստ չենք զոհաբերելու մեր հիմնարար սկզբունքները, ներառեալ ՕԹԱՆ-ի բաց դռներու քաղաքականութիւնը»:
Ան նշեց, որ ինք լաւրովին «յստակ հասկցուցած է», որ գոյութիւն ունին սկզբունքներ, որոնք Միացեալ Նահանգներու գործընկերները եւ դաշնակիցները պատրաստ են պաշտպանելու: Անոր կարծիքով` Ռուսիան այժմ ընտրութեան առջեւ է` բանակցութիւններ կամ տագնապ. Միացեալ Նահանգներն ու դաշնակիցները երկու տարբերակներուն ալ պատրաստ են:
«Ատիկա ընտրութիւն է, որուն առջեւ Ռուսիան այժմ կանգնած է: Դուք կրնաք ընտրել դիւանագիտութեան ուղին, որ կը տանի դէպի խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն: Կա՛մ այն ճամբան, որ պիտի յանգեցնէ տագնապի, լուրջ հետեւանքներու եւ միջազգային դատապարտման», ըսաւ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը:
Մեկնաբանելով հանդիպումը` Պլինքըն նշեց, որ զայն բանակցութիւններ կարելի չէ կոչել, ատիկա աւելի «գաղափարներու անկեղծ փոխանակում» էր:
Ամերիկացի դիւանագէտին համաձայն, այդ քննարկումներէն ետք Ուաշինկթըն եւ Մոսկուան կը գտնուին իրարու դիրքորոշումներու աւելի լաւ ընկալման ճամբուն վրայ: Անոր կարծիքով` երկու երկիրները կրնան շարք մը ոլորտներու մէջ աշխատիլ «փոխադարձ մտահոգութիւններու» լուծման ուղղութեամբ, ներառեալ սպառազինութիւններու վերահսկումը: «Կան ոլորտներ, ուր մենք փոխադարձ հիմքով կրնանք արձագանգել մտահոգութիւններուն, ատիկա նաեւ մեր զինուորական գործողութիւններուն մէջ մեծ թափանցիկութիւն է, վտանգներու նուազեցման տարբեր միջոցները, սպառազինութիւններու նկատմամբ վերահսկողութիւնն ու վստահութեան ամրապնդման այլ ուղիները», ըսաւ Պլինքըն:
Հանդիպումէն առաջ Պլինքըն յայտնեց. «Մենք բոլորս ալ հաւասարապէս յանձնառու ենք մեր տարակարծութիւններու լուծման համար դիւանագիտութեան եւ երկխօսութեան ուղիին: Սակայն նաեւ եթէ ատիկա անկարելի ըլլայ եւ Ռուսիան որոշէ Ուքրանիոյ դէմ յարձակումի դիմել, յանձնառու ենք միացեալ, արագ եւ խիստ հակազդեցութեան մը»: