Քիչ առաջ ժընեւի մէջ սկսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ազրպէյճանի իր պաշտօնակիցին Ճեյհուն Պայրամովի միջեւ նախատեսուած հանդիպումը: Սկզբունքով հանդիպումը տեղի պիտի ունենար 29 հոկտեմբերին, սակայն յետաձգուեցաւ:
Նախքան հանդիպումը, Մնացականեան առանձին տեսակցութիւն մը ունեցաւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին հետ:
Զօհրապ Մնացականեան Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի տնօրէն Փեթեր Մաուերի հետ: Վերջինս շեշտեց Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ զինադադար կեանքի կոչելու անհրաժեշտութիւնը:
Ռազմական գետնի վրայ, ազերի թշնամին օրուան ընթացքին փորձեց հարուածել Շուշի քաղաքը, բայց ձախողեցաւ: Թշնամին նաեւ մարդուժի ծանր կորուստներ կրելով խուճապահար փախուստ տուաւ Արցախի Բերձոր քաղաքի ուղղութեամբ գրաւած դիրքերէն:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ Արցախի պաշտպանութեան բանակը յաջողած է Քարին շրջանի արեւելքը գտնուող 1-2 գիւղերը մաքրել ազերի զինեալ խմբակներէն: Ան աւելցուց, թէ հայկական հետախուզական ստորաբաժանումները յայտնաբերած են զինամթերքի մեծ պահեստ:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տեղակալ Ապպաս Արաքճին: Վերջինս վարչապետին փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կարգաւորելու Իրանի մօտեցումները՝ խոր մտահոգութիւնը արտայայտելով շարունակուող ռազմական գործողութիւններէն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի մամլոյ խօսնակ Մանէ Գէորգեան յայտնեց, թէ Հայաստանի առաջին եւ երկորդ նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեան եւ Ռոպերթ Քոչարեան մտադրած են Մոսկուա մեկնիլ՝ Ռուսիոյ իշխանութիւններուն հետ քննարկելու Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը եւ յստակ լուծումներ առաջարկելու:
Հայաստանի առաջին նախագահին գրասենեակը արձագանգելով Մոսկուա մեկնելու վերաբերեալ հաղորդուող լուրերուն, յայտնեց, թէ երկիրը կը գտնուի պատերազմական ծանր կացութեան մէջ եւ աւելորդ մեկնաբանութիւններէ խուսափելու նպատակով, այս հարցին մանրամասն պարզաբանութիւն պիտի տրուի միայն պատերազմին աւարտէն ետք:
Իսկ Քոչարեանի գրասենեակէն յայտնեցին, թէ Մոսկուա մեկնելու առաջարկը եկած է Լեռնային Ղարաբաղի 2-րդ եւ 3-րդ նախագահներէն, սակայն նախկին նախագահը պսակաւոր ժահրով վարակուած ըլլալու պատճառով, ժամանակաւորապէս չի կրնար մեկնիլ Մոսկուա:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Մ. Նահանգներու դեսպան Լին Թրեյսին: Դեսպանը յոյս յայտնեց, որ կ’արդիւնաւորուին զինադադարի համար գործադրուող ջանքերը: Ներկայացնելով ռազմաճակատին իրավիճակը, Տոնոյեան նշեց, թէ հայկական ուժերը վստահօրէն կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը: Ան նաեւ անդրադարձաւ ազերի բանակին կողքին կռուող վարձկաններուն եւ օտարերկեայ արմատականներու փաստին: