Անցեալ հինգշաբթի, 12 օգոստոսէն ուրբաթ, 13 օգոստոս լուսցող գիշերուան ընթացքին, Ժիպէյլի հայկական թաղամասը խափանարարութեան ենթարկուած է եւ թաղամասին ցուցանակը քանդուած:
Ժիպէյլի հայութիւնը, շրջանի կոմիտէն, ինչպէս նաեւ տեղական պատասխանատուները եւ մամուլը խստօրէն դատապարտեցին այս քստմնելի արարքը եւ պահանջեցին պատահարի ծալքերուն ամբողջական բացայայտումը:
Անոնք անհրաժեշտ նկատեցին, որ ապահովական ուժերուն կողմէ պատասխանատուութեան կանչուին դէպքին հեղինակները` հաստատելով, որ այդ արարքը Ժիպէյլ քաղաքին քաղաքակիրթ ու մշակութային դէմքը կ՛աղաւաղէ եւ անապահովութեան եւ մտահոգութեան մթնոլորտ մը կը ստեղծէ: