ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ- ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
Եթէ մտաւորականը կը դրսեւորուի բնատուր շնորհքներու բացայայտումով:
Ապա կրթական մշակը կը կազմաւորուի ընկերային եւ հասարակական պարտաւորութեանց
խոր գիտակցութեամբ:
Այս երկուքին ներդաշնակ համակեցութիւնն է, որ մտաւորականին կը մղէ առաջնորդողի դերին:
Այդպիսին էր Ժիրայր Դանիէլեան, հայ գրականագիտութեան արժանաւորներէն մէկը՝ որ գիտցաւ գրական եւ կրթական ասպարէզի մէջ ներդաշնակութիւն մը ստեղծել:
Ան իր գրական աշխատանքներուն զուգընթաց, մեծ նուիրումով փարած մնաց դպրոցական գործունէութեան:
Վերակենդանացնելով Լիբանանի յետ պատերազմեան կրթական կեանքը, բարեշրջումի նոր թափ տալով իր
նախաձեռնութիւններուն, քաջալերելով այն ինչ որ դրականօրէն իր անդրադարձը ունեցաւ ուսումնական
բնական հոլովոյթին վրայ: Այդ օրերուն Դարուհի Յակոբեան եւ Յովակիմեան վարժարանները դարձան միացեալ երկսեռ Վարժարան:
Դպրոցական տարիներու մեր երբեմնի Տնօրէնը՝ Պրն. Արա Թոփճեան իր արժանաւոր յաջորդը ունեցաւ:
Դանիէլեանը իւրացուցած էր իր ուսուցիչին եւ դաստիարակին բարեմասնութիւնները:
Կրթական մշակը նաեւ պրպտող բանասէր մըն էր, իր ուսումնասիրութիւններով ու գրախօսականներով, իր
«Բանասիրական Որոնումներ» հատորով ու այլ աշխատութիւններով:
Վաստակաւոր խմբագիրն էր «Շիրակ», «Կամար» ամսագիրներու եւ գրական այլ աշխատութիւններու:
Այսօր բազմավաստակ մտաւորականին շիջումը մեծ կորուստ մըն է Սփիւռքեան կեանքէն ներս:
Որքան տխուր է մտաբերել, դաժան ճակատագրի ծանր հարուածին դէմ մաքառելով, Ժիրայր Դանիէլեան այսօր հրաժեշտ տուաւ կեանքին:
Ան հեռացաւ աշխարհէն, կարեւոր աւանդ մը թողելով իր ետին:
Իր փայլուն լուման բերելով հայ գրական- մշակութային բնագաւառէն ներս:
Մէկը՝ որ մատենագիտական իր աշխատութիւններով, ուշագրաւ ներդրում մը կրցաւ կատարել հայ լրագրութեան, պատմագրութեան մարզին մէջ:
Ժիրայր Դանիէլեան բռնեց յաւերժի ճամբան…
Բիւր Յարգանք, Խունկ եւ Աղօթք
վաստակաշատ գրականագէտին
Խնկելի Յիշատակին: