« Նոր Յառաջ»-Թրքական ժխտողականութեան թունդ զինուոր Մաքսիմ Կոէն, որ կը բազմապատկէ դատապարտելի իր կեցուածքը քննադատող հայ գործիչներուն դէմ՝ զրպարտութեան կամ անուանարկութեան պատճառաբանութիւններով դատերը, անընդմէջ 9-րդ անգամ ըլլալով դատը կորսնցուցած է ընդդէմ Արա Թորանեանի եւ Սամ Թիլպեանի։
Թրքական AVIM մտածումի հարթակի (think tank) պաշտօնեայ Կոէն այս անգամ ալ Փարիզի Պատժական դատարանի 17-րդ ատեանին ներկայացուցած էր երեք բողոք՝ անուանարկութեան պատճառաբանութեամբ, նշելով՝ որ «Նուվէլ տ՚Արմենի» հանդէսի խմբագրապետ՝ Արա Թորանեան զինք բաղդատած է Հրեաներու Ողջակէզի հանրածանօթ ժխտող Ռոպէր Ֆօռիսոնի հետ։ Կոէնի ներկայացուցած բողոքներէն մէկն ալ կը վերաբերէր Թորանեանի հրատարակիչի հանգամանքին, քանի վերջինս թոյլ տուեր էր «Արմենիուզ»-ի ֆորումին մէջ Սամ Թիլպեանի,– որու դէմ նոյնպէս դատ բացած էր Կոէն,– մեկնաբանութեան հրապարակումը։ Այդ մեկնաբանութեան մէջ Թիլպեան ենթական որակած էր «վկայագրուած ժխտող» եւ «իսկական վարձկան մը ի սպաս՝ թրքական ֆաշականութեան»։
Պատժական դատարանէն եւ Վերաքննիչ ատեանէն ետք՝ ներկայիս ֆրանսական արդարադատութեան ամէնէն բարձր՝ Բեկանիչ ատեանն է, որ Կոէնը անիրաւ կը դատէ իր բողոքին մէջ։ Մինչդեռ Կոէն մեծ յոյսեր կը կապէր այդ ատեանին եւ բազմիցս կրկնած էր, թէ դատական նշեալ կառոյցը իրաւասու է մամլոյ վերաբերող վէճերու մէջ վճիռ կայացնելու՝ յենլով հարցին խորքին։
Ֆրանսական դատական համակարգի բուրգին ամենավերին հիմնարկութեան եւս Կոէնի դէմ կայացուցած այս վճիռով՝ ենթակային պարտութիւնը կը դառնայ վերջնական։ Ֆրանսական հողին վրայ սպառած են վերաքննութեան միջոցները Անգարայի «բանբեր» Կոէնի համար, որու առջեւ ներկայիս միակ բաց դուռը կը մնայ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին դիմելու կարելիութիւնը։ ■