ՆՈՒԱՐԴ ՄԱՏՈՅԵԱՆ-ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ
« Փլաթոնը իմ բարեկամն է,
բայց Ճշմարտութիւնն աւելի թանկ է»:
Արիսթոթել
Մեզի՝ հայերուս յատուկ է հաւաքական յիշողութիւնը:
Կը յիշենք ամէն ինչ մեր կենսագրութեան ու մեր պատմութեան մէջ:
Կը յիշենք մեր յաղթանկներն ու պարտութիւնները, մեր յաջողութիւններն ու ողբերգութիւնները:
Անցեալի պատմական դէպքերն ու եղելութիւնները, յատուկ տեղ մը կը գրաւեն հայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ:
Ինչպէս կարելի է մոռնալ անցեալը:
Այսօր մարդիկ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, կը հերքեն ու մոռացութեան կու տան անցնող տարիներուն տեղի ունեցած տխուր իրադարձութիւնները:
Սակայն այդ իրողութիւնները, չեն կրնար ջնջել ազգի մը պատմութեան էջերէն:
Ներկան հասկնալոււ համար դիմել անցեալին:
Թէ ի՞նչու՝ 1999- թ Հոկտեմբեր 27-ին հայ դաւադիրներ գլխատեցին Հայաստանի քաղաքական ընտրանին:
Ի՞նչու 2008-թ Մարտ 1-ին, արիւնալի հաշուեյարդարներու զոհ դարձան անմեղ մարդիկ:
Ի՞նչու համատարած վախի ու սարսափի ազդեցութեան տակ, տիտղոսներով մարդիկ, կամայ-ակամայ կ՜ենթարկուէին տիրակալներու քմահաճոյքին, չվտանգելու իրենց անձնական ապահովութիւնը:
Երբ այդ օրերուն մահացու մեղք էր քաղաքական որեւէ քննադատութիւն:
Այդ վախն էր, որ կը ստիպէր բարձր կոչումով գիտնականին, հրապարակային ելոյթի մը ընթացքին Մարտ 1-ի զոհերը յիշել որպէս «խուլիգաններ»:
Ցաւով կը գրեմ այս տողերը, որովհետեւ կան այնքան դառն ճշմարտութիւններ, որ չենք ուզեր բարձրաձայնել:
Երբեմն անիմաստ կը թուին գիտական աստիճանները:
Մարդուն վարկանիշը կը փնտռենք իր սկզբունքայնութեան եւ ունակութիւններուն դրսեւորման մէջ, որ կ՜արժեւորէ իր կոչումը:
Ինչպէս կարելի է մոռնալ ու թաքցնել նախկին իշխանաւորներուն գործած չարիքները:
Անոնք, որոնք անգութօրէն իրագործեցին բռնապետութեան անխախտ օրէնքը՝ ժողովուրդը ստրկացնելու քաղաքականութիւնը:
Պահպանելու համար իրենց միահեծան տիրակալութիւնը:
Այսօր. փոխանակ վեհանձնութիւնը ունենալու, ընդունելու եւ սրբագրելու անցեալի սխալները:
Յետպատերազմեան ճգնաժամային իրավիճակէն օգտուելով, անոնք յամառօրէն դաւադրական ամէն միջոց ու հնարք
կը գործադրեն վերադառնալու իշխանութեան:
Անոնք կը մոռնան, որ հայ ժողովուրդը ունի հաւաքական յիշողութիւն եւ հաւաքական կամք:
Երբ հոգիին խորքէն կը հնչէր իր կեանքը փոխելու ձգտումը, բռնեց տոկուն պայքարի ուղին:
Ցասումի եւ ընդվզումի բողոքներ են, որ այսօր կը ժայթքին ժողովուրդի սիրտէն, յիշելով անցնող տարիներու անիրաւութիւնները:
Այս ամէնը ուրանալ եւ խեղաթիւրել, այլ բան չէ քան թշնամանք հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Մինչեւ երբ պիտի ալեկոծենք հայու հոգին…: