ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ
24 ապրիլին ժողովրդային քայլարշաւը եկաւ անգամ մը եւս փաստելու, որ լիբանանահայութիւնը ի՛նչ ալ ըլլայ, ի՛նչ պայմաններու մէջ ալ ըլլայ, ի՛նչ վիճակներու մէջ ալ գտնուի իր հասցէն գիտէ:
Գիտէ որո՛ւ պիտի ընդառաջէ: Գիտէ ո՛ւր եւ ե՛րբ իր խօսքը պիտի ըսէ: Գիտէ իր պարտաւորութիւնը: Գիտէ մանաւանդ իր ազգային պարտականութիւնը:
Լիբանանահայութիւնը ինքնուրոյն է իր ազգային, կրօնական, համայնքային սկզբունքներով:
Ժողովուրդը իր պատասխանը տուաւ:
Ժողովուրդը իր նեցուկը, վստահութիւնը տուաւ` ընդառաջելով աւանդական կուսակցութիւններու կոչին:
Այսպէս եղած է միշտ: Այսպէս կը հաւատայ մեր ժողովուրդը եւ այսպէս ալ տասնեակ տարիներու վրայ մեր հաւաքական ուժն ու հաւաքական իրաւունքները միայն մեր ժողովուրդին նեցուկով կը շարունակուի:
Հասկցողը լաւ հասկցաւ: Մտահոգուողը` մտահոգուեցաւ: Ըսի ըսաւներն եւ մակերեսային յերիւրանքները ոչ թէ ներհայկական, այլ լիբանանեան մակարդակով տեղ չգտան, չեն ալ գտներ: Կը գտնեն այն ատեն, երբ անկեղծ են ու թափանցիկ: Կը գտնեն այն ատեն, երբ անանձնական են ու անկախ:
Հարց չկայ:
Մեր ժողովուրդը իր հասցէն գիտէ՛: Մեր ժողովուրդը լաւապէս ալ գիտէ, որ իր գնահատանքը որո՛ւ պիտի տայ եւ ե՛րբ պիտի տայ:
Լիբանանահայութիւնը միշտ ալ ճգնաժամեր անցուցած է, բայց այսօրուան ճգնաժամը ոչ միայն մեզի` Դաշնակցութեան ուղղած է, այլեւ համայն հայութեան:
Մեր ժողովուրդը հաւատարիմ է այն ուժին, այն կուսակցութեան, որ բոլոր ժամանակներու նոյն չափով, նոյն թափով, նոյն զոհողութեամբ պահած է մեր համայնքը:
Վերջապէս մնայունը աւելի ապահով եւ փորձառու է:
Պատմութիւնը փաստած է, որ նորեկները միշտ գնայուն են: