Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ` ընկերակցութեամբ երեսփոխաններ Աքրամ Շեհայէպի եւ Ֆայսալ Սայեղի, շաբաթավերջին այցելեց Ալէյ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ տիւրզի հոգեւորական հեղինակութիւններու հետ:
Իր կատարած այցելութիւններուն ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ արտակարգ եւ վատ պայմաններ` աւելցնելով, որ Լիբանանի տագնապին լուծումը մօտալուտ չէ, որովհետեւ անիկա արտաքին չէ:
«Եթէ քաղաքական անձնաւորութիւններէն ոմանք կը մտածեն, թէ Լիբանանի տագնապին լուծումը արտաքին է, ապա անոնք չարաչար կը սխալին, որովհետեւ դուրսէն ոչ մէկ լուծում պիտի ըլլայ: Լիբանանեան տագնապը պէտք է լուծուի ներքին լիբանանեան ջանքերով, իսկ համաձայնութիւնը ամօթ չէ, այլ` քաղաքական հիմք է երկրին գոյատեւման համար», շեշտեց ան:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ յառաջիկայ օրերը շատ դժուար պիտի ըլլան` ընդգծելով, որ ինք պատրաստ է իր պարտականութիւնը կատարելու, «բայց եւ այնպէս եկող օրերը շատ աւելի դժուար պիտի ըլլան, քան անցնողները: Ոչ ոք ազատ է Լիբանանի տագնապները լուծելու, եւ մենք կ՛ուղղուինք դէպի սեւ օրեր», հաստատեց ան:
Նշենք, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան բանբեր Սալեհ Հատիֆէ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ այցելած է Դամասկոս: